Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Վլատանքա Անտրէեւան մօտ ապագային պիտի այցելէ Արցախ: Այդ մասին ան յայտնած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպման ժամանակ:
Անտրէեւայի խօսքով` գնահատման առաքելութեան մէջ պտի ընդգրկուին ՄԱԿ-ի համապատասխան մասնագիտացուած գերատեսչութիւններու եւ ծրագրերու ներկայացուցիչներ:
Նախօրէին ընդունելով Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մշտական համակարգողի պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրզ Եահիան` ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ միջազգային մասնագիտացուած կառոյցներու, այդ շարքին` ՄԱԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն անխոչընդոտ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը: