ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը պիտի այցելէ Պաքու՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան մասին համաժողովին (СОР29):
Այս մասին նա յայտնած է ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցին։
«Այո, ի հարկէ։ Ես միշտ մասնակցեր եմ COP գագաթնաժողովներուն, ես ներկայ կ՚ըլլամ ատոնց մեկնարկին եւ աւարտին։ Կ՚ակնկալեմ, որ այս գագաթնաժողովը կ՚ըլլայ փոփոխութիւններու առիթը, այն իմաստով, որ կը հասնի համաշխարհային գիտակցման պահը, որ մենք այս ընթացքով կը շարժինք դէպի անդունդ»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով համաժողովին մասնակցելու ծրագրերու մասին հարցին:
COP 29-ը պիտի կայանայ Պաքուի մէջ 2024 թուականի նոյեմբերին։