Ճափոնի նախկին վարչապետ Շինզօ Ապէն մահացած է իր դէմ իրականացուած մահափորձէն յետոյ:
Քաղաքական գործիչը մահացած է Նարա քաղաքի բժշկական համալսարանական հիւանդանոցի մէջ: Ան 67 տարեկան էր:
Յիշեցնենք, որ Ճափոնի նախկին վարչապետ Շինզօ Ապէն այսօր զինեալ յարձակումի թիրախ դարձաւ։ Ան ծանրօրէն վիրաւորուած ու փոխադրուած էր հիւանդանոց։ Կրակ բացող անձը կալանքի տակ է: