image

Մահացած է Ճօրճ Տէր Պետրոսեանը. Նշանաւոր .«Տայք» հաստատութեան համահիմնադիրը (Լուսանկար)

 Մահացած է Ճօրճ Տէր Պետրոսեանը. Նշանաւոր .«Տայք» հաստատութեան համահիմնադիրը  (Լուսանկար)

Երեւանի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացած է Ճօրճ Տէր Պետրոսեանը։ 

 

  «Արեւելք»  այս մասին տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

 Հալէպ ծնած մեր հայրենակիցը իր նախնական կրթութիւնը ստացած է հանրայայտ «Ալէբո Գոլէճ»ին մէջ, ապա պայմաններու բերումով հաստատուած է Լիբանան՝ Պէյրութ։

 

 Երկար տարիներ գործած է  կահ-կարասիներու արտադրութեան ոլորտէն ներս ու Լիբանանի տնտեսութեան ամենաբախտորոշ ժամանակներու իր երէց եղբօր՝ Տիգրան Տէր Պետրոսեանին հետ հիմնադրած Լիբանանով մէկ մեղ հռչակ վայելած «Տայք» հաստատութեան։

Ճօրճ Տէր Պետրոսեան, որ քաջածանօթ անուն էր գաղութին մէջ, որպէս գործարար եւ վաճառական եղած է հաւատաւոր Դաշնակցական եւ մինչեւ կեանքի վերջն ալ հաւատարիմ մնացած է իր ուխտին։

Յատուկ սէր տածած է ՀՄԸՄ-ի հանդէպ եւ  իր զաւակներուն հայեցի կրթութիւն մատուցելէ անդին զանոնք ուղորդած է որ դառնան պարկեշտ ՀՄԸՄ-ականներ, Ճեմարանի ուսանողներ ու նաեւ կարգապահ Դաշնակցականներ։

 Վերջին տարիներուն, ինչպէս մեծ թիւով լիբանանահայեր ան իր ընտանեկան պարագաներուն հետ փոխադրուած ու հաստատուած է Երեւան, ուր նոյնպէս յաւերժին կը փակէ իր աչքերը։  Հանգուցեալի  յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուեցան երէկ Երեւանի մէջ, ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն ու նաեւ գաղափարակից ընկերներուն։