image

Նիւ Եորքի մէջ. Պոլսահայ երաժիշտ Նորայր Տէմիրճիի կորուստը

Նիւ Եորքի մէջ. Պոլսահայ   երաժիշտ Նորայր Տէմիրճիի կորուստը

  Օրերս  Նիւ Եորքի մէջ մահացած է պոլսահայ յօրինող, երգահան, երաժիշտ, գործիքաւորող՝ Նորայր Տէմիրճին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ «Մարմարա»  պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

5 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ մահացաւ յօրինող, երգահան, երաժիշտ, գործիքաւորող Նորայր Տէմիրճի, որ ծնունդով պոլսահայ էր, երկար տարիներ ստեղծագործած էր Թուրքիոյ մէջ, հիթ երգերու մեղեդիներ յօրինած էր, համբաւաւոր անուն դառնալով երաժշտական աշխարհէն ներս։ 1961ին հիմնած է իր նուագախումբը, համերգներ սարքելով բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Համագործակցած էր Օննօ Թունչի, Ճէզմի Պաշէյմէզի, Աժտա Փէքքանի հետ։

1979ին հաստատուած էր Ամերիկա, բայց հոնկէ ալ շարունակեց ներկայութիւն մնալ Թուրքիոյ երաժշտական ոլորտին մէջ, կատարելով բազմաթիւ երգիչներու ալպոմներուն գործիքաւորումը։

 

Լուսանկար՝ Սարգիս Պահարօղլու