Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է ամերիկահայ յայտնի բարերար Սավի Թիւֆէնքեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Լոս Անճելոս հրապարակուող «Ասպարէզ»էն։
Կը նշուի նաեւ, որ այս տխուր առթիւ, թէ՛ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը, եւ թէ ալ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ- AMAA) հրապարակած են յատուկ հաղորդագրութիւններ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ հրապարակուած ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի մահագրութիւնը.-
«ՍԱՎԻ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆԻ՝ թեմիս երկար տարիներու բարերար եւ Ռիչըրտ ԹիւՖէնքեան Ազգային մանկապարտէզի հիմնադիր բարերարուհիի, մահուան տխուր առիթով, թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Թորգոմ եպս· Տօնոյեան, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ ՌալՖ ԹիւՖէնքեանին, զաւակներուն՝ Կրէկին, Սանտրային եւ անոնց ընտանիքներուն, եղբօրը՝ Քոսթիին եւ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ թոռներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։
Սավի ԹիւՖէնքեան իր հայրենասէր, ազգանուէր եւ դպրոցաշէն բարեգործութեանց համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին՝ ձեռամբ Արամ Ա· վեհափառ հայրապետի: Ան նաեւ հանդիսացած է Արեւմտեան մեր շրջանի առաջին հայ տիկինը, որ արժանացած է “The 2002 Ellis Island Medal of Honor”ին:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։