Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, «Դաշնակիցներու վճռականութիւն-2022» ռուս-պելառուսական զօրավարժութիւններուն ժամանակ յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր լքելու պաշտօնը, եւ եթէ Արեւմուտքը շարունակէ իր յարձակումները Պելառուսիոյ վրայ, ապա ինք կը մնայ «յաւերժ նախագահ»:
Լուքաշենքօն նաեւ նշած է այն պայմանները, որոնց պարագային ինք պատրաստ է հեռանալու պաշտօնէն. «Եթէ հաւաքական Արեւմուտքը, առաջին հերթին` ամերիկացիները, չթիրախաւորեն Պելառուսիան եւ չխաղցնեն իրենց խամաճիկները, ինչպէս այդ եղաւ 2020-ին, ամէն ինչ օրինական պիտի ըլլայ, աւելի շուտ քան իրենք կ'ուզեն»: