Յետխորհրդային տարածքի երկիրները պէտք է անկեղծօրէն շահագրգռուած ըլլան Միութենական պետութեան հետ մերձեցմամբ, եթէ, ի հարկէ, անոնք կը փափաքին պահպանել իրենց ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը:
Ներկայ փուլին Պելառուսիոյ եւ Ռուսիոյ Միութենական պետութիւնը լոքոմոթիվի դեր կը կատարէ համարկման գործընթացներու ընդհանուր հոսքին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն:
Երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ Միութենական պետութիւնը մշակութային եւ տնտեսական միջպետական համագործակցութեան օրինակ է:
«Այսօր յետխորհրդային տարածքի երկիրները պէտք է անկեղծօրէն շահագրգռուած ըլլան Միութենական պետութեան հետ մերձեցմամբ, եթէ, ի հարկէ, անոնք կը փափաքին պահպանել իրենց ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Մենք համոզուած ենք, որ միայն միասին կրնանք դիմակայել համաշխահրային մարտահրաւէրներուն», ըսած է Լուքաշենքօն:
«Անոնք, որոնք դեռ կասկածներ ունին, պէտք է հասկնան` առանց հնարաւորինս արագ միասնութեան եւ համախմբման, միջպետական կապերու ամրապնդման եւ պարզապէս բնական մարդկային յարաբերութիւններու, մենք վաղը կրնանք գոյութիւն չունենալ», յաւելած է Պելառուսիոյ ղեկավարը: