image

Լուի Պոնոն յարգած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Լուի Պոնոն յարգած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց փոխ նախարար Վահէ Գէորգեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումներու ընթացքին, Կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լու Պոնո վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը՝ ներգրաւուելու երկկողմ, բազմակողմ ձեւաչափերով, ինպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ օգնելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, որ հասնին տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան։ Այդ մասին յայտնած են ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն։

Նշուած է, որ ան ընդգծած է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ բաց առեւտրային եւ մասնաւոր տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը։

Լուի Պոնո նաեւ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։