image

Լոս Անճելըս. Մահացած է համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Աշխէն Փիլաւճեանը

   Լոս Անճելըս. Մահացած է համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Աշխէն Փիլաւճեանը

Լոս Անճելըսի մէջ օրերս իր աչքերը յաւերժին փակած է  Աշխէն Փիլաւճեանը։

 

 «Արեւելք» այս մասին վերահասու դարձաւ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի  դիմատետրի  պաշտօնական էջէն։

Թեմի դիւանը այս տխուր առթիւ   հրապարակած են կարճ մահագրական մը, որ կու տանք ստորեւ՝

 

 

Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ· Տ· Թորգոմ Ս· Եպս· Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն՝ Ազգային Առաջնորդարանի երկարամեայ զօրակից եւ նուիրատու, Ս· Տրդատ եւ Ս· Աշխէն մատրան, ինչպէս նաեւ Ս· Նահատակաց ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի գխաւոր բարերարուհի՝ Աշխէն Փիլաւճեանին մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 23 Յունուար 2022-ի երեկոյեան։

Հանգուցեալը իր հայրենասէր, ազգանուէր, կրթանպաստ ու եկեղեցաշէն բարեգործութեանց համար արժանացած է Կիլիկեան Ասպետ շքանշանին, ձեռամբ՝ Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Արամ Ա· Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ Ազգ· Առաջնորդարանի Ս· Աշխէն շքանշանին՝ Ս· Տրդատ եւ Ս· Աշխէն մատրան իր բարերարութեան համար։ 

Այս տխուր առիթով, Ազգ· Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալի զաւկին՝ Բեգլարին եւ իր կնոջ՝ Վերային, մեծ հարսին՝ Սօսիին, բոլոր թոռներուն, ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։