image

«Լիբանանը մեր սրտերուն մէջ է». Կամ «Ալ Մայաս» պարախումբը դարձեալ կը փայլի (Տեսանիւթ)

«Լիբանանը մեր սրտերուն մէջ է». Կամ  «Ալ Մայաս» պարախումբը դարձեալ կը փայլի (Տեսանիւթ)

 

Լիբանանեան  «Ալ Մայաս» պարախումբը  անցնող ժամերուն դարձեալ դարձեալ ուշադրութեան կիզակէտ։ 

  30 Հոգիներէ  բաղկացող  խումբը, որ մասնակից էր  մեծ  վարկ ունեցող եւ համաշխարահային      փառատոններու մէջ  իւրայատուկ  տեղ ունեցող   America's Got Talent  մրցումին    արժանաւորապէս անցնելով    մրցումի  ՝ աւարտական  փուլ,  եւ   պիտի մրցի  ամերիկացի   աստղ՝  Քրիսթի Սէլըրզի դէմ։

 Խումբի  գլխաւոր ղեկավարը Նատիմ Շըրֆան, որ երէկ խօսեցաւ  կայանին  եղած յաջողութեան   մասին մասնաւորապէս ըսաւ ՝  «Մեր յաջողութեան   իսկական  գաղտնիքը   աշխատանքն է  եւ ըսեմ նաեւ, որ մինչեւ մեր բեմ  բարձրանալը դարձեալ փոփոխութիւններ կընէի  մեր ներկայացնելիք  պարին վրայ։ Այս բոլորէն  անդին մեզի համար   ուրախալին ու զարմացնողը  այն էր, որ   ամերըկացիներու քուէներուն շնորհիւ է, որ մենք յաջողեցանք ու այս  յաջողութիւնը  ամէնէն  աւելի կը պարտինք մեր երկրին՝ Լիբանանին։ Լիբանանը մեր սրտին մէջ է» եզրակացուցած է Շըրֆան։

 Պարային  յատուկ պատկերներ, իւրայատուկ միջավայր ու մանաւանդ պարողներու ճարտարութիւնը  դիտողին հրամցնող   երիտասարդ լիբանանցիներու այս  յաղթանակը  անգամ մը եւս կը խօսի  այդ  երկրի ստեղծագործ  ոգիին, շունչին եւ տաղանդին մասին։

 Նշեմ նաեւ, որ   յաղթելու պարագային   «Ալ Մայաս»ը պիտի ստանայ  միլիոն  ամերիկեան տոլարի  պատկառելի  գումար մը։

 Երկար գրեցի, մնացածը  վայելեցէք    տեսանիւթով  եւ վստահ եմ, որ  դուք ալ պիտի բաժնէք    մտածումներս։

 Մէկ  խօսքով   Լիբանանցիք   ըրին, որովհետեւ կարող են եւ տաղանդաւոր։

 

 Լուրը Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն