image

Լիբանանի ընտրութիւնները 15 մայիսին. 1044 Թեկնածու 128 աթոռի համար

   Հայկական կտրուածքով, ցարդ ոչ մէկ քաղաքական կուսակցութիւն պաշտօնապէս յայտարարած է իր թեկնածուներուն ընդհանուր ցուցակը, սակայն լրահոսէն յայտնի է արդէն, որ ՀՅԴ-ի կողմէ Մեթնի (Լեռնալիբանան) համար ընտրութեանց պիտի մասնակցի երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, իսկ ՍԴՀԿ-ի կողմէ Պէյրութի ընտրութեանց համար թեկնածու որդեգրուած է Արամ Մալեանի անունը։

Կը սպասուի, որ թեկնածուներու անունները, յայտարարուին յառաջիկայ օրերուն, աւելիով պարզ դարձնելով դաշինքներու եւ ցուցակներու ընդհանուր պատկերը։

 Յիշեցնենք, որ ներկայիս խորհրդարանին մէջ հայ համայնքը ունի 5 երեսփոխաններ, որոնց երեքը անդամ են ՀՅԴ-ի գլխաւորած «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ին։ 

Լիբանանի մէջ իր աւարտին հասաւ երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն գրանցուելու եւ մասնակցելու սահմանադրական ժամկէտը։

 Այս մասին խօսեցաւ Լիբանանի Ներքին Գործոց նախարար Պասսամ Մաաուլայի։ 

Մաաուլաուի նաեւ հաստատեց, որ յառաջիկայ 15 մայիսին նախատեսուած ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են 1044 թեկնածուներ, որոնք պիտի մրցին 128 աթոռներու համար։ 

Նախարարը նաեւ նշեց, որ թեկնածուներուն մէջ կան 44 կիներ, հաստատելով, որ այս տարի ընտրութեանց մասնակից կանանց թիւը կը գերադասէ վերջին ընտրութիւններուն մասնակցած կանանց թիւը։