image

Լիբանանի տարածք որեւէ ներխուժում ոտնձգութիւն պիտի ըլլայ համաարաբական անվտանգութեան դէմ. Արաբական Լիկա

Լիբանանի տարածք որեւէ ներխուժում ոտնձգութիւն պիտի ըլլայ համաարաբական անվտանգութեան դէմ. Արաբական  Լիկա

Լիբանանի տարածք որեւէ ներխուժում կամ ատոր մասնակի բռնագրաւում ոտնձգութիւն պիտի ըլլայ համաարաբական անվտանգութեան դէմ: Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Արաբական պետութիւններու լիկայի անդամները՝ Գահիրէի մէջ մշտական ներկայացուցիչներու մակարդակով կազմակերպութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի աւարտին:

«Կը դատապարտենք Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շարունակուող բարբարոսական յարձակումը եւ կոչ կ՚ընենք անյապաղ դադրեցնելու այն, քանի որ նման գործողութիւնները լուրջ վտանգներ կը պարունակեն տարածաշրջանային կայունութեան համար: Մենք նաեւ կը հաստատենք, որ Լիբանանի տարածք որեւէ ներխուժում եւ ատոր որեւէ մասի բռնազաւթումը կը համարենք ոտնձգութիւն համաարաբական ազգային անվտանգութեան դէմ»,-ըսուած է իրաքեան Shafaq News տեղեկատուական հարթակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Արաբական պետութիւններու լիկայի արտահերթ նիստի մասնակիցներն ընդգծած են լիակատար համերաշխութիւնը Լիբանանի հետ եւ կոչ ըրած են երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն արագցնելու մարդասիրական օգնութիւնը Լիբանանին: