Հարկ է յիշել, որ այս միաբանութեան հիմնադիրն է Հայր Եագուպ Գապուշին (Ծն. 1875-ին Ղազիր), որ տարիներ առաջ՝2008-ին սրբադասուած է, հասցնելով, ոչ միայն միաբանական հատուկ արարողակարգ մը գործել, այլ նաեւ հիմնել ամբողջ Լիբանանով մէկ գործունէութիւն ծաւալող միաբանութիւն մը, որուն գլխաւոր եւ օրինական նեցուկն է Կաթողիկէ աշխարհի գլխաւոր կեդրոն՝ Վատիկանը։
Նուիրական օր է Լիբանանի մէջ։
Գապուշի միաբանութեան երկու քահանաներ ՝ Լէոնարտօ Մըլքի եւ Թումա Սալէհ երանելի հռչակուեցան։
Նշենք, որ երանելիութեան դիմումը ներկայացուցած էր Վատիկանի սրբադասման յատուկ յանձնաժողովին, որ երկար քննութիւններէ ետք արժանի համարեց զանոնք այդ բարձր կոչումին արժանացնել։
Լեռնալիբանանի Պաապտէթ գաւառի այս երկու որդիները դարձած քահանաներ ու ապա այդ կոչման արժանի դառնալէ ետք մեկնած են ծառայութեան դէպի Թուրքիա։
Հայր Լէոնարտ, որ տարբեր չարչարանքներու ենթարկուած է օսմանեան կայսրութեան զինուորներուն կողմէ եւ հակառակ անոր դէմ եղած մեծ ճնշումներուն երիտասարդ վարդապետը մերժած է ուրանալ Քրիստոսն ու քրիստոնէութիւնը, որմէ ետք ալ ան տասնեակ քրիստոնեաներու հետ նահատակուած է Մարտին քաղաքին մէջ։
Իր կարգին Հայր Թումա Մըլքի մահացած է ծանր չարչարանքներէ ետք հիւանդանալով «Թիֆուս» հիւանդութեամբ 1917 -ին։ Ուշագրաւն այն է, որ զոյգ միաբանները մինչեւ իրենց նահատակուիլը ծառայած են Մարտինի, Խարբերդի եւ Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) քաղաքներու հայկական համայնքներուն մէջ։
Ու հակառակ իրենց ունեցած տարբեր տեսակի դժուարութիւններուն (օրինակ կը նշուի, որ անոնք երկուքն ալ հայերէն կամ թրքերէն լեզու չէին գիտեր ու մեծ ճիգեր ըրին առնուազն խօսակցական լեզուին տիրապետելու համար), անոնք յամարօրէն շարունակած են իրենց ծառայութիւնները մինչեւ գողգոթայի ճանապարհ բռնելը եւ ապա նահատակութիւնը։
Հետեւաբար այսօր տօնական օր է ամբողջ Լիբանանի համար եւ ուշագրաւն այն է, որ այն ուխտը՝ Քապպուշեան միաբանութիւնը, որուն անդամ են այս արդէն իսկ երանելի կոչումն ստացած վարդապետները ոչ մէկ անգամ խտիր դրած է հաւատացեալներուն միջեւ, նոյնիսկ ծառայութիւն մատուցելով ոչ քրիստոնեայ համայնքներու անդամ կարիքաւորներուն։
Հարկ է յիշել, որ այս միաբանութեան հիմնադիրն է Հայր Եագուպ Գապուշին (Ծն. 1875-ին Ղազիր), որ տարիներ առաջ՝2008-ին սրբադասուած է, հասցնելով, ոչ միայն միաբանական հատուկ արարողակարգ մը գործել, այլ նաեւ հիմնել ամբողջ Լիբանանով մէկ գործունէութիւն ծաւալող միաբանութիւն մը, որուն գլխաւոր եւ օրինական նեցուկն է Կաթողիկէ աշխարհի գլխաւոր կեդրոն՝ Վատիկանը։
Սուրբերով եւ երանելիներով հարուստ երկիր Լիբանանը այսօր եւս կը շարունակէ մնալ ներշնչման աղբիւր եւ կը յատկանշուի տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան եւ հանդիպման վայր։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի
հայր Եագուպ Քապուշի