image

Լիբանանեան տագնապ. Վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը պիտի հրաժարի՞

   Լիբանանեան տագնապ. Վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը պիտի հրաժարի՞

Անցնող ժամերը բաւականին դժուարին ժամեր եղան Լիբանանին համար։

Արդարեւ Սէուտական Արաբիա, որպէս հակադարձութիւն Լիբանանի տեղեկատւութեան նախարար ՝ Ժորժ Քըրտահիի աւելի վաղ կատարած յայտարարութիւններուն իր մօտ կանչեց Լիբանանի դեսպան ՝ եւ ապա ժամ տալով վտարեց զինք։ 

Թագաւորութիւնը նոյնպէս տուն կանչեց Լիբանանի մէջ իր դեսպան ՝ Ուալիտ Պուխարին խորհրդակցութեանց համար։ 

Սէուտական Արաբիոյ այս քայլին հետեւցաւ Պահրէյնը, որ նոյնպէս գնաց Լիբանանի դեսպանը վտարելու որոշման։ Այս բոլորի լոյսին տակ Արաբական Լիկան յայտարարութեամբ մը դատապարտեց Լիբանանի կեցուածքները նշելով, որ իրավիճակի յաւելեալ լարման մէջ գլխաւոր պատասխանատուն կը համարուի Լիբանանի կառավարութիւնը։ 

Չմոռնանք նշել, որ Սէուտեան Արաբիոյ ղեկավարութիւնը աւելի ուշ նաեւ յայտարարեց, որ իր որդեգրած դիրքորոշումը պիտի ազդէ տնտեսական ոլորտին վրայ եւ արգելք դրուեցաւ Լիբանանէն Սէուատական Արաբիա ներածուող բոլոր տեսակի ապրանքներուն վրայ։

Այստեղ հարկ է նշել, որ թագաւորութեան կողմէ հնչած կեցուածքներէն անմիջապէս ետք Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի հանդէս եկաւ յատուկ ուղերձով նշելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը հետամուտ է իր բարեկամական կապերը պահպանել Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ ու նաեւ խորհուրդ տուաւ նախարար Քըրտահիին հրաժարիլ իր պաշտօնէն։Աւարտին կարելի է եզրակացնել, որ Լիբանանի դէմ աւելիով նեղցող պաշարման օղակը նպատակ ունի նեղ կացութեան մատնել երկիրը ու նաեւ Լիբանանցիներուն մղել, որպէսզի իրենք եւս քննադատեն «Հըզպալլա»ի կեցուածքները ու աւելի հեռուն երթալով թշնամական կեցուածք որդեգրեն երկրի քաղաքական-ապահովական Շիիթ կարեւոր բաղկացուցիչին դէմ։ Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն չի բացառուիր, որ Լիբանանի դէմ եղած այս դիւանագիտական «ամպարկո»ն աւելիով թէժանայ ու նաեւ պատճառ դառնայ տնտեսական վիճակի սրացումին ու թերեւս ալ յանգեցնէ Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի ու անոր գլխաւորած կառավարութեան հրաժարումին։