image

Լիբանանահայ Պետրոս Թորոսեանի փայլուն յաջողութիւնները

Լիբանանահայ Պետրոս Թորոսեանի փայլուն յաջողութիւնները

Լիբանանահայ երիտասարդներ կը շարունակեն իրենց փայլուն յաղթարշաւը տարբեր ոլորտներու մէջ։

 Լուրը  պատրաստեց ՝ «Արեւելք»ը

Լիբանանահայ   երիտասարդ՝ Պետրոս Թորոսեան, որ հայագիտութեան ոլորտի մէջ պատմութեան Դոկտորականի թեկնածու է, իր  ունեցած  փայլուն  արդիւնքներուն համար ստացած է կրթաթոշակ UC Davis համալսարանէն՝ աշխատակցելու Սթէյսի Ֆահրընթոլտի հետ։

Ան նաեւ արժանացած է Մանուկեան կրթաթոշակին, հայագիտութեան ոլորտին  մէջ իր ուսումը շարունակելու Միչիկընի ՝ «Էն Արպըր» համալսարանէն ներս։

Նշենք, որ Պետրոս Թորոսեան նախապէս ալ ստացած է զանազան մրցանակներ եւ կրթաթոշակներ, ինչպէս՝ «Նանէ» Հայագիտական կրթաթոշակը 2020 թուականին, եւ 2022 թուականին ի պատիւ Սիլվի Դերձակեանի ստեղծուած մրցանակը, ուր Պետրոս Թորոսեան հանդէս եկած է պատմական ուսումնասիրութեամբ, որուն խորագիրն է. «Տուն կայ, բայց պահապան չկայ, հող կայ, բայց մշակող չկայ. տարածքայնութիւնը, ազգայնականութիւնը եւ օսմանեան հայ առնականութեան ստեղծումը» (There is a House but No Keeper, There is a Land but No Cultivator:’ Territoriality, Nationalism, and the Making of Ottoman Armenian Masculinity)։ Ան նաեւ տիրացած է առաջին մրցանակին, հետազօտութեան մը համար, որուն խորագիրն է՝ «Օսմանեան հայերու ցեղայնացումը Ամերիկեան տարածքի վրայ (1908-1914թթ.)» (Ottoman Armenian Racialization in an American Space (1908-1914)։ Այս հետազօտութիւնը հրատարակուած է «Mashrik and Mahjar. Journal of Middle East and North African Migration Studies» ամսագրին մէջ:

 

Նշենք, որ Պետրոս, պատմութեան մագիստրոսի իր վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն։