image

Լիբանան. Հրատարակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը

Լիբանան. Հրատարակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը դարձեալ լոյս կը տեսնէ՝ վեցամեայ ակամայ դադարէ մը ետք:

1957էն սկսեալ, »Գլաձոր«ը կը հանդիսանայ Դպրեվանքի սաներու գրական, ուսումնասիրական եւ գեղարուեստական առաջին փորձերուն հանդէսը. հոն կ՛արտացոլայ Դպրեվանքի իսկական ոգին՝ իր առօրեայով, առաքելութեամբ, աշխատանքով եւ հունձքերով: Անցնող վեց տարիները ամենեւին հեզընթաց չեղան. Լիբանանի զանազան շրջաններու մէջ բողոքի ցոյցերը, տնտեսական տագնապը, աշխարհացունց թագաժահրը, Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, Արցախի տխրահռչակ պատերազմը եւ Լիբանանի հարաւին վրայ անակնկալ գրոհները արգելք հանդիսացան, որ »Գլաձոր«ի հետեւողական հրատարակութիւնները զգալիօրէն յամենան:

Հակառակ այս խառնակ վիճակին, դպրեվանեցիներ Պիքֆայայի իրենց խաղաղիկ շէնքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական հոգածութեան, տեսչութեան անմիջական գուրգուրանքին եւ ուսուցչական կազմին անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ՝ իրենց հոգեմտաւոր աճը եւ կրթանքը նոյն թափով շարունակեցին ստանալ: Արդ, սաներուն մտաւորական արտադրութիւնները եւս կանգ չառին. եւ ահա, այս տարիներուն ընթացքին կուտակուելով՝ կազմած են արժէքաւոր ատաղձ մը:

Դպրեվանքի համատեղ ջանքին պատկերը մարմնաւորուեցաւ ներկայ տարեգիրքին մէջ՝ շնորհիւ խմբագիր հայր սուրբերուն՝ Գէորգ վրդ. Գարակէօզեանի եւ Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեանի անսակարկ ու տքնաջան աշխատանքին:

«Գլաձոր»ի սոյն հատորը լոյս տեսաւ Արեւելեան Հիւսիսային Ամերիկայի Հայոց թեմի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Լագիսեանի եւ իր կողակիցին՝ երէցկին Էօժէն Լագիսեանի ազնիւ մեկենասութեամբ, առ ի երախտագիտութիւն Կիլիկեան Դպրեվանքին եւ իբրեւ խրախուսանք՝ անոր տարած առաքելութեան: Անհուն շնորհակալութիւն այս օրհնեալ ամոլին:

Ահաւասիկ, «Գլաձոր»ը դարձեալ կը մատուցուի հայ ընթերցասէր եւ եկեղեցասէր հանրութեան: 

Ահա՛ ձեր առջեւ Դպրեվանքը՝ իր իսկութեամբ, պարզութեամբ եւ հարազատութեամբ: Ձեր առջեւ կը բացուին վերջին վեց տարիները. այս հաշուեյարդար մը չէ, այլ՝ պանծալի յուշարձան մը Դպրեվանքի առաքելութեան յաղթանակին: