Արմէն Սարգսեան Յունուար 23-ին հրաժարական տուած է Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն: Սահմանադրութեան 5-րդ գլուխը կը նախատեսէ նման պարագաներուն ՀՀ նախագահի լիազօրութիւններու ժամանակաւոր կատարման եւ նոր նախագահի արտահերթ ընտրութեան կարգը:
Սահմանադրութեան 144-րդ յօդուածին համաձայն` մինչեւ նորընտիր նախագահին կողմր պաշտօնի ստանձնումը Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը:
Այսպիսով, ըստ Սահմանադրութեան` Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները պիտի կատարէ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը: ՀՀ ԱԺ նախագահի պաշտօնին Ալէն Սիմոնեանին կը փոխարինէ ԱԺ փոխխօսնակ Յակոբ Արշակեանը: