Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն միջեւ ուղիղ կապի ապահովումը առաջնային խնդիր է, անկախ կողմերու հանդիպման ձեւաչափէն: Այս մասին նշած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ-ի նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը: Ան ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը առաջնային է, այն պատերազմով կարելի չէ փակուած համարել եւ առանց կարգաւորման անհնար է խօսել ամուր կայունութեան մասին: Ուորլիք նկատած է, որ կողմերը այժմ փոքր քայլերով կը փորձեն փոխվստահութիւն հաստատել:
«Ղարաբաղեան խնդիրին մէջ առաւել կարեւոր հարցը կարգավիճակն է, եւ կը կարծեմ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահողները կը շարունակեն այս հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ կարեւոր դեր խաղալ: Ռուսաստանը իր ձեռքը առած է բազմաթիւ հարցեր, սակայն, հաւատացած եմ, որ համանախագահողները, ԵԱՀԿ-ը եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է աշխուժանան եւ յառաջ մղեն այս համընդհանուր խնդիրին կարգաւորումը մէկընդմիշտ: Միայն այս պարագային մենք տարածաշրջանին մէջ կայունութեան կը հասնինք», նշած է ան:
Մեկնաբանելով Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումները՝ Ուորլիք ընդգծած է՝ կարեւոր է, որ կողմերը դէմ առ դէմ հանդիպին, իսկ թէ ինչ ձեւաչափով՝ երկրորդական հարց է:
«Մեր յոյսն այն է, որ առաջնորդներուն միջեւ ուղղակի երկխօսութիւն տեղի ունենայ, որ անոնք ուղղակի միմեանց հետ անհամաձայնութիւնները քննարկեն, միմեանց հետ ուղիղ խօսին: Մենք չենք փափաքիր իրավիճակ մը տեսնել, երբ միակ կապը զինուած բախումներն են», նշած է Ուորլիքը: Ամերիկացի նախկին համանախագահը կը յիշեցնէ, որ 44-օրեայ պատերազմէն առաջ կապը առաջնորդներուն միջեւ բացարձակապէս կտրուած էր: