image

Լեհաստանը իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ հեռանալ Պելառուսիայէն

Լեհաստանը իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ հեռանալ Պելառուսիայէն

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է անյապաղ հեռանալու Պելառուսիայէն եւ ձեռնպահ մնալու այդ երկիր ճամբորդութիւններէ։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտնած է  Մինսքի մէջ Լեհաստանի դեսպանութիւնը։

«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խորհուրդ կու տայ ձեռնպահ մնալու Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն բոլոր ճամբորդութիւններէն եւ Պելառուսիոյ Հանրապետութեան մէջ գտնուող լեհ քաղաքացիներուն կոչ կ՚ընէ անյապաղ հեռանալու այդ երկրի տարածքէն»,– նշուած է դեսպանատան մամուլի ծառայութեան հրապարակման մէջ։

Կը նշուի, որ այս յանձնարարականները տրուած են երկու երկիրներու սահմանին իրավիճակի սրման եւ Լեհաստանի քաղաքացիներու կամայական ձերբակալութիւններու առնչութեամբ։