image

Լաւրով ժամանած է Անգարա. Օրակարգի նիւթ է նաեւ Արցախի հարցը

Լաւրով ժամանած է Անգարա. Օրակարգի նիւթ է նաեւ Արցախի հարցը

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը, թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հրաւէրով, ապրիլ 6-ի երեկոյեան ժամանած է Անգարա: Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը: 

Արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն ուժանիւթի, Ուքրանիոյ, հացահատիկի գործարքի, Անգարա-Դամասկոս երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերը: