image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով ու Պայրամով քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացին մեկնարկը

Լաւրով ու Պայրամով քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացին մեկնարկը

Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները Անթալիոյ մէջ քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը:

«Լաւրովն ու Պայրամովը քննարկած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսաստանի առաջնորդներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը, մասնաւորապէս, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման մեկնարկի, տնտեսական ու ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման ու մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ», յայտարարած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Ըստ հաղորդագրութեան, կողմերը պայմանաւորուած են արագացուած կարգով երթալ դէպի «3+3» ձեւաչափի երկրորդ հանդիպման, ինչպէս նաեւ քննարկել ռուս-ատրպէյճանական փոխգործակցութեանը վերաբերող հարցեր:

Յիշեցնենք, որ երկու երկիրներուն միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին համաձայնագիրը նախագահներ Ալիեւն ու Փութինը ստորագրած էին Փետրուար 22-ին` Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի սկսած պատերազմէն  մի քանի օր առաջ: