Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովը եւ Ֆայսալ Պըն Ֆարհան Ալ Սէուտը Ռիատի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկած են Եմէնի, Սուրիոյ եւ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը։
Ըստ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի` երկու կողմերը ընդգծած են «Մոսկուայի եւ Ռիատի մօտեցումներուն ներդաշնակութիւնը` Մերձաւոր Արեւելքի, առաջին հերթին Պաղեստինի քրոնիկ ճգնաժամերը քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցներով լուծելու համար»:
Երկու նախարարները քննարկած են Մոսկուայի եւ Ռիատի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումը եւ պայմանաւորուած են շարունակել աշխատանքը խոստումնալից նախագիծերու վրայ, այդ շարքին` բարձր արհեստագիտութեան եւ միջուկային ուժանիւթի:
Երկու գործիչները քննարկած են նաեւ «ՕՓԵՔ+ ձեւաչափով Մոսկուայի եւ Ռիատի համագործակցութեան ազդեցութիւնը համաշխարհային ուժանիւթի շուկային վրայ» բարձր գնահատելով այն բնական ազդեցութիւնը, որ յառաջացած է երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական կարեւոր ոլորտին մէջ սերտ համակարգման հետեւանքով:
Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն նշած է, որ Լաւրով իր սէուտցի գործընկերոջ տեղեկացուցած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուող յատուկ ռազմական գործողութեան յառաջընթացին եւ նպատակներուն մասին:
Նշենք, որ Լաւրով Սէուտական Արաբիա ժամանած էր Երեքշաբթի, ուր ռուս նախարարը կը մասնակցի Պարսից ծոցի արաբական երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական հանդիպման, որ տեղի կ'ունենայ այսօր` Չորեքշաբթի, Ռիատի մէջ: Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի տուեալներով` հանդիպման շրջանակին մէջ նախատեսուած են երկկողմ հանդիպումներ այս խորհուրդի գրեթէ բոլոր մասնակիցներուն հետ:
Յատկանշական է, որ Լաւրովը անցեալ Երկուշաբթի այցելեց Պահրէյն, ուր թագաւոր Համատ Պըն Իսա Ալ Խալիֆային հետ քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ տարբեր ոլորտներում մէջ զանոնք ամրապնդելու եւ զարգացնելու ուղիները: