image
Հրատապ լուրեր:

Լաւալ. Տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի Ձայն» խորագրեալ համերգը

Լաւալ. Տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի Ձայն» խորագրեալ համերգը

 

Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ եւ Համերգի յանձնախումբին համադրութեամբ, օրերս Լաւալի մէջ կայացաւ «Սփիւռքի ձայն» գեղարուեստական խմբակին բացառիկ եւ աննախընթաց ելոյթը։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Հորիզոն»էն:

Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, համադրութեամբ Համերգի յանձնախումբին, Շաբաթ, 1 Նոյեմբեր 2025-ին, Théâtre Marcellin-Champagnat հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռքի ձայն» գեղարուեստական խմբակին աննախընթաց ելոյթը, որուն ներկայ էին Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբ Քհն. Կեատայեան, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Վերապատուելի Մհեր Խաչիկեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետուհի Ծովիկ Թերզեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թոփուզեան, քոյր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութիւն մը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Սոնա Տատաղլեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց. «Հայ երաժշտութիւնը, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, հարազատօրէն դրսեւորած է հայ մարդու հոգեկան ապրումները, եղած է մեր ժողովուրդի գոյատեւման ու ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման երաշխիքը: Սոյն նպատակով այսօր Լաւալի հայ գաղութէն ներս բեմ կը բարձրանայ «Սփիւռքի ձայն» երգի խմբակը, իր նուագախումբով, ինչպէս նաեւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ «Կաքաւիկ» կրտսեր դպրաց դասը», ապա աւելցուց. «”Սփիւռքի ձայն”ը յարգելով հայ երգարուեստի մեղեդին եւ պահպանելով հայ մշակոյթի գոհարները, միշտ ու միշտ արժանացած է հանրութեան գնահատանքին ու քաջալերանքին»:

«Սփիւռքի ձայն» երաժշտական խմբակի երեք գանատահայ արուեստագէտները՝ Լեւոն Կարագիւլեան, Սեւակ Յարութիւնեան եւ Թորոս Մայդոսեան, որոնք նախապէս մաս կազմած են Համազգայինի Թորոնթոյի «Գուսան» երգչախումբին, գեղարուեստական յայտագրի առաջին մասով հանդէս եկան, հերթաբար հետեւեալ երգացանկով. «Հայաստան իմ չքնաղ», «Լորիկ – Շողեր ջան – Խնկի ծառ – Չինարի եար» երգաշար, «Իմ եղէգ», «Իմ Երեւան», «Նարէ», «Հայի աչքեր» մենակատարութեամբ Սեւակ Յարութիւնեանի, «Նինօ – Մանիր – Եարըմ Գորանի – Լէյլըմ լէ լէ – Հալել եմ», «Սարի սիրուն եար», «Երեւանի գիշերներում – Սէր կայ երկնքում Երեւանի», «Որտեղ գտնեմ քեզ»՝ մենակատարութեամբ Սեւակ Յարութիւնեանի եւ մասնակցութեամբ մոնթրէալահայ սոփրանօ Սաշա Ճիհանեանի, «Պատրանքի թեւով»՝ մենակատարութեամբ Լեւոն  Կարագիւլեանի, եւ «Ախ Հայաստան», որոնք մեծապէս խանդավառեցին, մերթ ընդ մերթ նաեւ յուզեցին հանդիսատեսները իրենց բարձրորակ կատարումով, երգեցողութեամբ եւ ձայնի թրթռացումներով: Նշենք, որ միջոցին սոփրանօ Սաշա Ճիհանեան սիրայօժար մասնակցութեամբ մեներգեց նաեւ Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ» երգը:

Կարճ դադարէ ետք, արուեստագէտները բեմ բարձրացան եւ յաջորդաբար ներկայացուցին «Հոռովել», «Գիշեր ցերեկ – Ոլոր մոլոր – Տխուր եմ» երգաշարը, «Սիրոյս կը սպասեմ»՝ մեներգութեամբ Լեւոն  Կարագիւլեանի, «Երանի թէ – Արաքս – Թարմ ծաղիկներ – Երեւանը մենք ենք», «Բարի արագիլ» մենակատարութեամբ՝ Սեւակ Յարութիւնեանի, «Հայոց մայրեր», «Զարթի՛ր, լաօ – Արարատն առաջ», «Երազ իմ երկիր»՝ մենակատարութեամբ  Լեւոն  Կարագիւլեանի, «Հերոս տղերքը մեր»՝ մենակատարութեամբ դարձեալ  Լեւոն  Կարագիւլեանի եւ մասնակցութեամբ Սաշա Ճիհանեանի, «Կռունկ, գնա՛ – Կիլիկիա – Կռունկ» մասնակցութեամբ նոյնպէս Սաշա Ճիհանեանի:

Անկէ ետք բեմ բարձրացաւ ու արուեստագէտներուն հետ երգեցողութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ «Կաքաւիկ» կրտսեր դպրաց դասը՝ «Երանի», «Հայաստան» եւ «Գետաշէն» երգերով, որմէ ետք առանձին ելոյթով հանդէս եկաւ «Կաքաւիկ»ը ազգային երգերու շարանով մը, նոյնքան ոգեշնչելով հանդիսատեսները, խմբավարութեամբ Բրշ. Վարուժան Սրկ. Մարգարեանի:

Նշենք, որ արուեստագէտները իրենց եզակի կատարումով, բացառիկ երգեցողութեամբ, երգացանկի յաջող ընտրութեամբ ու զանազանութեամբ, հանդիսատեսին սրտին դպչելու եւ անթեղուած զգացումներ արթնցնելու իրենց իւրայատուկ կարողականութեամբ յաջողեցան ոգեւորել ներկաները եւ անջնջելի դրոշմ մը թողուլ հանդիսականներուն մօտ, ինչպէս նաեւ ապրեցնել առանձնայատուկ վայրկեաններ, միեւնոյն ժամանակ հպարտութիւն առթելով գանատահայ համայնքին:

Գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ Զաւէն Տէր Սահակեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս օրերուն, երբ ներքին ապազգային ուժեր ձեռքերնին երկարած են Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին վրայ՝ խոչընդոտելու համար անոնց ընթացքը, մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը մնայ միեւնոյնը՝ դաստիարակել նոր սերունդը այս պատանիներով, քաջալերելով զիրենք՝ մեր գաղութի հայ երգիչներով, որոնք իրենց առաջին քայլերը առած են եկեղեցիներու դպրաց դասերէն կամ Համազգայինի երգչախումբերէն. հպարտութիւն, որուն կենդանի օրինակներն են այսօրուան մեր արուեստագէտները»: Ապա եզրակացուց խօսքը ըսելով. «Մեր առաքլելութիւնն է նաեւ պաշտպանն ու պահապանը ըլլալ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին, դէմ կենալ արտաքին ապազգայնութիւններու եւ թոյլ չտալ, որ ուրանանք մեր հաւատքը, հրաժարինք հայ մշակոյթէն կամ ուրանանք մեր ազգային արժէքները, որովհետեւ ասոնք են գրաւականները մեր ազգին գոյատեւման»:

Սրբազան Հօր ձեռամբ արուեստագէտներուն փոխանցուեցան յիշատակի նուէրներ, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր գնահատական խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Այսօր Սփիւռքի մէջ միացած եւ իրենց ձայնը հնչեղ դարձուցած այս խմբակը ես կը կոչեմ ո՛չ թէ սփիւռքի ձայն, այլ հայութեան ձայնը՝ սփիւռքի մէջ հնչող», ապա աւելցուց. «Մենք այս բեմէն այսօր լսեցինք Հայաստան, Երեւան, լսեցինք Մասիս, Սասուն, Մուշ, Արտահան… այս բոլոր երգերը մեր ինքնութիւնը կ’արտայայտեն, մեր դիմագիծը, մեր ներկան, մեր ապագան կերտելու յոյսը եւ կամքը: Այսօր մեզի Մասիսը մոռցնել կ’ուզեն, բայց ո՛չ, Մասի՛սը վկայ, որ հերոսածին հայ ժողովուրդի այսպիսի երիտասարդներով ու այսպիսի երգերով պիտի շարունակենք պայքարիլ, յանուն մեր մեծ տեսլականին, յանուն մեր մեծ երազին, մինչեւ որ հասնինք Մասիս, հասնինք Մուշ, Սասուն, Կարս ու Արտահան, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», ապա «Պահպանիչ»ով փակեց ձեռնարկը: