image

Լաւ եւ վատ կողմեր. Միրզոյեան Ատրպէյճանի հետ բանակցութեանց մասին

Լաւ եւ վատ  կողմեր. Միրզոյեան Ատրպէյճանի հետ բանակցութեանց մասին

Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ կայ մէկ լաւ եւ մէկ վատ նորութիւն: Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

«Վատն այն է, որ բոլոր հարցերում ու ուղղութիւններում, որոնց շուրջ Հայաստանը բանակցում է Ատրպէյճանի հետ, հանդիպում է այդ երկրի առաւելապաշտական դիրքորոշումներին: Իմ տպաւորութիւնն այն է, որ Ատրպէյճանը, համարելով, որ ռազմական յաջողութիւններ է ունեցել,  կարող է ինչ-որ պայմաններ թելադրել Հայաստանին: Դա չի կարող իրականութիւն լինել»,-ըսած է Միրզոյեան:

Ըստ անոր՝ լաւ նորութիւնը այն է , որ կայ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը՝ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրներու առնչութեամբ․ «Այդ ուշադրութիւնն առայժմ գնալով աւելի ու աւելի է մեծանում: Յատկապէս սեպտեմբերի 13-14-ի ատրպէյճանական ագրեսիայից (յարձակում) ետք միջազգային հանրութիւնը շատ յստակ ուղերձ յղեց Ատրպէյճանին այն մասին, որ ուժի կիրառումը չի կարող լինել հարցերի լուծման ճանապարհ»։