image
Հրատապ լուրեր:

Լարուած իրավիճակ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին. Թրքական կրակով սպաննուած է Սուրիոյ բանակի զինուորներ (Տեսանիւթ)

 Լարուած իրավիճակ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին. Թրքական կրակով սպաննուած է Սուրիոյ բանակի զինուորներ (Տեսանիւթ)

  Վտանգաւոր զարգացումներ կը գրանցուին Սուրիոյ հիւսիսային հատուածի սահմանի ողջ երկայնքով։ 

Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած է «Ալ Մարսատ ալ Սուրի» կայքը նշելով, որ թրքական բանակին կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Սուրիոյ բանակի 11 զինուորներ այսօր սպաննուած են։ 

Կը նշուի նաեւ, որ կան տասնեակ վիրաւորներ։ 

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ ոչ միայն «Քոպանի» («Այն Արապ») շրջանին այլ նաեւ տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած են փոխհրաձգութիւններ։ 

 

 Յիշեցնենք, որ վերջին շրջանին եւ յատկապէս «Քոպանի»ի մէջ պարեկութեան առաքելութիւն կը կատարեն Սուրիական օրինական բանակի զօրասիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տեղակայուած քրտական «Քաստ» զօրամիաւորման ջոկատներ։

 

 Այս դէպքերը տեղի կ՚ունենան Թեհրանի ու ապա Սոչիի մէջ կայացած երկու կարեւոր գագաթներէն ետք, եւ էական հարցադրումը կը մնայ, որ արդեօք սուրիական բանակը պիտի հակադարձէ թրքական կողմի ոտնձգութիւններուն։