image
Հրատապ լուրեր:

Լարուած իրադրութիւն եւ բախումներ Ուզպեքստանի մէջ

Լարուած իրադրութիւն եւ բախումներ Ուզպեքստանի մէջ

Ուզպեքստանի նախագահ Շաուքաթ Միրզիյոեւը Ղարաքալփաքստանի ինքնավարութեան մէջ, ուր տեղի ունեցած են անկարգութիւններ, յայտարարած է պարէտային ժամ, որ պիտի գործէ մինչեւ Օգոստոս 2 յայտարարուած արտակարգ դրութեան շրջանակին մէջ: 

«Ղարաքալփաքստանի Հանրապետութեան տարածքին ժամը 21:00-էն մինչեւ 07:00 սահմանել պարէտային ժամ` արտակարգ դրութեան ժամկէտի համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արտակարգ դրութեան ընթացքին նախագահը նաեւ կարգադրած է զօրացնել հասարակական կարգի պաշտպանութիւնը Ղարաքալփաքստանի մէջ, յատկապէս կարեւոր եւ դասակարգուած հիմնարկներու, սահմանափակումներ մտցնել ազատ տեղաշարժի, այդ շարքին` փոխադրութեան միջոցներու վրայ, ապահովել փաստաթուղթերու ստուգում, անձնական խուզարկութիւն, ինչպէս նաեւ սահմանափակել մուտքը եւ ելքը Ղարաքալփաքստանէն: Կ'արգիլուի նաեւ խաղաղ հանդիպումներու, ժամանցային, մարզային եւ հանրային այլ միջոցառումներու կազմակերպումն ու կայացումը, զէնքի եւ զինամթերքի վաճառքը:

Միաժամանակ պետութեան ղեկավարը կարգադրած է «ապահովել ֆիզիքական անձերէ զէնքի ու զինամթերքի ժամանակաւոր առգրաւումը»: Օրէնքի եւ կարգի պաշտպանութեան համար պիտի ներգրաւուին հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ուժերն ու միջոցները:

Նշենք, որ Ուրբաթ մարդոց խումբ մը փորձած էր գրաւել ինքնավարութեան մայրաքաղաք Նուքուսի մէջ պետական մարմինները. անոնց դժգոհութիւնը յառաջացուցած էր նախագահ Միրզիյոեւի սահմանադրական բարեփոխումներու առաջարկը, որ պիտի վերաբերէր նաեւ ինքնավարութեան:

Իրաւապահները վճռականօրէն ճնշած են անօրինական գործողութիւնները: Յաջորդ օրը Շաուքաթ Միրզիյոեւը յայտարարած է, որ որոշել է չփոխել սահմանադրութիւնը Ղարաքալփաքստանի կարգավիճակին վերաբերեալ:

Մօտ երկու միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ղարաքալփաքստանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը կը գտնուի Ուզպեքստանի հիւսիս-արեւմուտքը եւ կը համարուի երկրի ամենամեծ շրջանը` զբաղեցնելով անոր տարածքին մօտ 40 տոկոսը: 1990-ականներուն ստորագրուած է համաձայնագիր, որով այն ինքնիշխան հանրապետութեան կարգավիճակով մուտք գործած է Ուզպեքստանի կազմ` հետագային հանրաքուէի հիման վրայ դուրս գալու իրաւունքով: