Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու հասցէին քննադատութիւնն արդարացուած չէ. անոնք աշխոյժօրէն կ'աշխատին իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ, անոնց դերն արդէն նշած են ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ Հայաստանը, ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է ՌԴ ԱԳՆ տեղեկատւութեան եւ մամուլի բաժնի փոխտնօրէն Իւան Նեչաեւը:
«Քաղաքական շփումներուն զուգընթաց կը շարունակուի աշխուժ աշխատանքը ռուս խաղաղապահներու կողմէ, որոնք անհրաժեշտ ջանքեր կը գործադրեն իրավիճակը կայունացնելու համար։ Ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ բազմիցս նշած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կարեւոր դերը, մենք խաղաղապահներու առանձին քննադատութիւնը կը համարենք չարդարացուած», -ըսած է ան: