«Դիմատետրի մտքի բարեկամներ» խումբը կը գուժէ Հայաստան հաստատուած սուրիահայ մտաւորական, գործարար՝ Հրայր Ակիլեանի անժամանակ մահը.
«Ճիշդ է այսօր Ապրիլ 1 է, իրար խաբելու կատակելու օր է, բայց երանի կատակ ըլլար մահդ, սիրելի Հրայր:
...Բարի ու ազնիւ յօդուածներովդ բոլորին սիրտերը գրաւեցիր՝ Սուրիահայութեան համախմբումի բոլոր անդամներուն, անընդհատ գրեցիր ազգասիրութեան մասին եւ հայրենասէր միտքերովդ ամենօրեայ ներկայութիւն դարձար»,-գրած է Գէորգ Ամպարճեան՝ ցաւակցելով Հրայր Ակիլեանի հարազատներուն:
«Արեւելք»-ը նոյնպէս կը ցաւակցի Հրայր Ակիլեանի կնոջը՝ Անի Թոսունեան-Ակիլեանին եւ բոլոր հարազատներուն: