ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին` Անկախութեան օրուան առթիւ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը։
Ուղերձին մէջ ՀՀ վարչապետն ընդգծած է, որ Հայաստանը կը կարեւորէ ԱՄՆ դերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ։
«Ժողովրդավարական բարեփոխումների, տնտեսական եւ էներգետիկ դիմակայունութեան խթանման, արդարադատութեան, կոռուպցիայի դէմ պայքարի, անվտանգային համագործակցութեան եւ այլ ոլորտներում մեր փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման յանձնառութիւնն արտացոլուել է Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ռազմավարական երկխօսութիւնը ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի բարձրացնելու տեսլականում»,–ըսուած է ուղերձին մէջ։
Փաշինեան ընդգծած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ստեղծման հիմքը դրուած են ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան համընդհանուր արժէքները, ինչպէս նաեւ Անկախութեան հռչակագրի մէջ արտացոլուած գաղափարները կը շարունակեն ոգեշնչման եւ քաջալերանքի աղբիւր ըլլալ ողջ աշխարհի մէջ:
ՀՀ վարչապետը Անկախութեան օրուան առթիւ Պայտընին եւ ԱՄՆ ժողովուրդին մաղթած է խաղաղութիւն, բարօրութիւն եւ շարունակական առաջընթաց։