image

Կը հաստատեմ մեր պատրաստակամութիւնը աջակցելու Սուրիոյ վերականգնման. Փաշինեանը` Ասատին

Կը հաստատեմ մեր պատրաստակամութիւնը աջակցելու Սուրիոյ վերականգնման. Փաշինեանը` Ասատին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, որ Սուրիան բաւարար ուժ եւ տոկունութիւն ունի՝ յաղթահարելու աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքները եւ երկրի առջեւ ծառացած այլ մարտահրաւէրներ:

Փաշինեան նման համոզմունք յայտնած է Սուրիոյ ազգային տօնի առթիւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին յղած իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ, կը տեղեկանանք վարչապետի աշխատակազմէն։

ՀՀ վարչապետը հաստատած է ՀՀ պատրաստակամութիւնը` Սուրիոյ համար այս դժուարին ժամանակաշրջանին նպաստելու եւ աջակցելու Սուրիոյ վերականգնման գործընթացներուն:

Փաշինեան նշած է, որ դարերու խորքէն եկող եւ պատմական փորձութիւններով ամրացած հայ–սուրիական բարեկամութիւնն այն հենքն է, որու վրայ կը շարունակուին զարգանալ երկու երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւնները: