image
Հրատապ լուրեր:

«Կորիզային սպառնալիք». Արտայայտուողը Քիմ Եոնկ Ընի քոյրն է

«Կորիզային սպառնալիք». Արտայայտուողը Քիմ Եոնկ Ընի  քոյրն է

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ընի քոյրը, Քորէայի Աշխատաւորական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ղեկավարի տեղակալ Քիմ Եօ Ճոնը նշած է, թէ որ պարագային երկիրը միջուկային զէնք պիտի կիրառէ Հարաւային Քորէայի դէմ: 

«Եթէ Հարաւային Քորէան երթայ ռազմական առճակատման, մեր միջուկային մարտական ուժերը անխուսափելիօրէն պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները», ըսած է Քիմ Եօ Ճոնը:

Անոր կարծիքով, Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարին խօսքերը Հիւսիսային Քորէային կանխարգելիչ հարուած հասցնելու մասին մեծ սխալ էին: Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ Փեոնկեանկը պատերազմ չի փափաքիր եւ Սէուլը չի համարեր իր գլխաւոր թշնամին:

«եթէ հարաւքորէական բանակը որեւէ ռազմական գործողութիւն չձեռնարկէ մեր պետութեան դէմ, այն պիտի չդիտարկուի որպէս մեր յարձակման թիրախ», ըսած է Կիմ Եօ Ճոնը:

Աւելի վաղ` Ապրիլ 2-ին, Կիմ Եոնկ Ընի քոյրը յայտարարած էր երկու երկիրներու յարաբերութիւնների վատթարացման մասին` վկայակոչելով Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարի` Հիւսիսային Քորէային «կանխարգելիչ հարուցած» հասցնելու մասին յայտարարութիւնը: