Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Եղիա առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ այսօր առաւօտուն տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը Հայ Կաթողիկէ նորընտիր Պատրիարքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, որ Տ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը վերակոչուեցաւ Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ Կաթողիկոս-Պատրիարք Մինասեան։
Նշենք նաեւ, որ կրօնական արարողութեան ներկայ եղան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սիւնհոտոսի անդամ եպիսկոպոսները, Լիբանանի մէջ Սուրբ Աթոռ Վատիկանի դեսպանը, քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու կրօնական առաջնորդներ ու առաջնորդներու ներկայաուցիչներ, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ համայնքի կրօնական, թէ աշխարհական ներկայացուցիչներ։
Այս արարողութեան Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աունը կը ներկայացնէր նախարար Ճօրճ Պուչիքեան, իսկ Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի ներկայացուցիչն էր Խորհրդարանի անդամ Յակոբ Բագրատունին։
Լիբանանի թեմի առաջնորդ ՝ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան կը ներկայացնէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, իսկ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։
Տ. Ռաֆայէլ ԻԱ Պատրիարք հակիրճ պատգամ մը տալով, յայտնեց, թէ ժամանակը եկած էր, որ ինք վերադառնայ իրեն հարազատ Լիբանան ըսելով նաեւ, որ եկած է այս ծանրագոյն ժամանակներուն ըլլալու իր ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին կողքին։
Յետ կրօնական արարողութեանց ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին նորընտիր Պատրիարքին, մաղթելով անոր արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու քրիստոնէափայլ կրօնական անշեղ առաքելութիւն։