Արցախի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այսօր ժամը 15։00-ի սահմաններուն Շուշի քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին ատրպէյճանական կողմէ կրակոցներ արձակուած տուեալ վայրի ջրատար խողովակներուն վրայ աշխատանքներ կատարող քաղաքայիններու վրայ:
Ստեփանակերտի հիւանդանոց տեղափոխուած է չորս քաղաքային, որոնցմէ մէկը մահացած է, երեքը կը ստանան բժշկական օգնութիւն:
Դէպքին հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ այս պահուն Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան խումբերու եւ Քննչական կոմիտէի քննիչներուն կողմէ կը կատարուին հետախուզական եւ քրէադատավարական միջոցառումներ։