Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններու արդիւնքներով քաղաքապետ ընտրուած է Էլեն Ասատրեանը։ Այս մասին նշուած է «Արեւելեան շրջանի առաջադէմ դեմոկրատներ»ու (EAPD) դիմատետրեան էջին:
Որպէս առաջին կին թեկնածու՝ 2022 թուականին Էլեն Ասատրեանը ստացած էր ամենաշատ ձայները քաղաքային խորհուրդին մէջ: Յաղթելով Կլենտէյլի քաղաքային խորհուրդի այս ընտրութիւններուն՝ ան դարձաւ առաջին ամերիկահայ կինը, որ պիտի զբաղցնէ Լոս Անճելըսի շրջանի չորրորդ ամենամեծ քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնը:
X-ի իր էջին Էլեն Ասատրեանը շնորհակալութիւն յայտնած է իր աջակիցներուն եւ նշած, որ ոչ մէկ կարեւոր գործ հեշտութեամբ կը յաջողի: «Այս յաղթանակը պահանջեց խմբային աշխատանք եւ հաստատակամութիւն: Բոլոր բնակիչները եւ շահագրգիռ կողմերը կրնան հպարտանալ այս յաջողութեամբ, այն արդարութեան եւ ներառականութեան արտայայտութիւնն է»,- գրած է նորընտիր քաղաքապետը: