image

Կիւմրիի մէջ. Ամուսինը դանակով հարուածած է կնոջ որովայնին ու ծնոտին

Կիւմրիի մէջ. Ամուսինը դանակով հարուածած է կնոջ որովայնին ու ծնոտին

Շիրակի մարզին մէջ, Մայիս 22-ին, սպանութիւն տեղի ունեցած է. ժամը 22:25-ի սահմաններուն Կիւմրիի շտապօգնութեան կայանէն ոստիկանութեան Մուշի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ բժիշկներու հերթապահ խումբը կանչով մեկնած է թիւ 58 թաղամաս, ուր պարզած են, որ եկեղեցւոյ մօտ դանակահարութիւն տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով մահացած մարդ կայ: 

Ոստիկանները նշուած թաղամասի Պարոյր Սեւակի փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են կնկայ մը դին:  Դատաբժիշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն` որովայնի հատուածին եղած է 6, իսկ ծնօտի հատուաին` 1 կտրած-ծակած վնասուածք: 

 Ոստիկաններն ու քննիչները տաք հետքերով պարզած են, որ սպաննուածը նշուած հասցէի բնակիչ` 43-ամեայ Սիրանոյշ Մ.-ն էր: 

Սպանութիւն կատարողը Շիրակի մարզի բնակիչ` 50-ամեայ Անդրանիկ Ե.-ն է: 

Փաստի առթիւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութիւնում ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 104 յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ:

Անդրանիկ Ե.-ն քննիչին որոշմամբ ձերբակալուած է: