Կիրանցի մէջ այսօր վաղ առաւօտէն տեղորոշող սարքով կրկին չափագրական աշխատանքներ իրականացուած են։
Տեղւոյն մէջ աշխատողներն «Ազատութեան» ըսած են՝ շրջանցող ճանապարհի կառուցման հետ կապուած աշխատանքներ կը կատարեն։
Կիրանցի մէջ է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան Ճանապրհային բաժնի պետ Գոռ Աւետիսեանը։
Վրաստան տանող միջպետական ճանապարհի Կիրանցի հատուածին մէջ ատրպէյճանական կողմին պիտի անցնի կամուրջը։ Կառավարութիւնը յայտարարած է, որ նոր շրջանցիկ ճանապարհ պէտք է կառուցուի, 2-3 ամիս ժամկէտի մասին յայտարարուած է։
Այլընտրանքային ճանապարհը յարակից Աճարկուտ գիւղէն պիտի անցնի, ապա պիտի թեքուի դէպի Կիրանց ու ճիշդ նորակառոյց դպրոցի յարակից հատուածով պիտի միանայ այժմ գործող հիմնական ճանապարհին։