Օրերս Կիպրոսէն ուրախ լուր ստացանք։
Ընտանեկան պարագաներու եւ բարեկամներու ներկայութեան տեղի ունեցած է Մեղրի Գալայճեանի ընդ Ճորճ Քիթապի քաղաքացիական ամուսնութիւն կնքած են
Երիտասարդուհին եւ երիտսարդը ունին մասնագիտական կրթութիւն. Մինչ Մեղրին միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է, Ճորճ Քիթապը ատամնաբոյժ է եւ ներկայիս գործունէութիւն կը ծաւալէ Լոնտոնի մէջ։
Երկու երիտասարդներուն ընտանեկան օճախ կազմելու իւրաքանչիւր քայլը ուրախութիւն է բոլորիս, ալ ուր մնաց, երբ ապագային կազմուելիք այդ բոյն պիտի ապրի ու շնչէ հայկական ոգիով։
Այս ուրախ առթիւ մեր խնդակցութիւնները կը փոխանցենք երիտասարդներուն եւ մասնաւորապէս կրթական մշակ, «Պայքար» թերթի խմբագրակազմի անդամ՝ Տիկն. Պայծիկ Գալայճեանին։