Խումբ մը կիպրահայ երիտասարդներ այսօր բողոքի արտայայտութիւններով «դիմաւորած» են ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը։
Նշենք, որ այս մասին դիմատետրի իր էջին կարճ տեսանիւթ մը տեղադրած է Կիպրոսի ՀՅԴ անդամներէն՝ Յակոբ Մանուկեան։
Յիշեցնենք, որ Ալէն Սիմոնեանի Նիկոսիա հասնելուն զուգահեռ բողոքի յայտարարութիւն մը տարածած էր Կիպրոսի կոմիտէութիւնը ՀՀ պատասխանատուներուն յորդորելով ՝ «հեռու մնալ Կիպրահայ համայնք»էն։
Ըստ «Արեւելք»ի Կիպրոսի աղբիւրին չի բացառուիր, որ յառաջիկայ ժամերուն ալ գաղութի անդամներ տարբեր գործողութիւններով իրենց բողոքը արտայայտեն Սիմոնեանի եւ անոր ընկերակիցներուն Կիպրոս տուած այցելութեան դէմ։
Բողոքի հաւաքին մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։