image
Հրատապ լուրեր:

Խուզարկութիւններ սկսած են GG ընկերութեան գրասենեակին մէջ. փաստաբան

Խուզարկութիւններ սկսած են GG ընկերութեան գրասենեակին մէջ. փաստաբան

Թաքսի ծառայութիւն մատուցող GG ընկերութեան գրասենեակն այս պահուն կը խուզարկեն: Տեղեկութիւնը դիմատետրի իր էջի միջոցաւ յայտնած է փաստաբան Արսէն Բաբայեանը։

«Ես եւ փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեանը մեկնում ենք այնտեղ: Լրացուցիչ տեղեկութիւնների դէպքում հանդէս կը գանք յայտարարութեամբ»,– գրած է Բաբայեանը։

Նշենք, որ GG ընկերութեան համահիմնադիր Խաչատուր Գրիգորեանը յունիս 12-ին դիմատետրի իր էջին գրառում կատարած էր եւ աջակցութիւն յայտնած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման։ Ան գրած էր. «Եթէ դու հայ ես, եթէ ինձ բարեւելուց ուզում ես, որ ես քեզ յարգեմ, քո տեղը Բաղրամեանի վրայ է»։

Այս գրառումէն ետք իշխանամէտ օգտատէրերը ֆլեշմոպ սկսան`յորդորելով պոյքոթել այս թաքսի ծառայութիւնը, բողոքի շարժման կողմնակիցներն ալ մէկ այլ ֆլեշմոպ ըրին. «Երթեւեկում եմ միայն GG-ով»։ Այսօր Խաչատուր Գրիգորեանը եւս մէկ գրառում ըրած է` յորդորելով պաշտպանել մեր հայրենիքը։