image

Խորթումի մէջ բախումներ. Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ Սուտանի մէջ

Խորթումի մէջ բախումներ. Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ  Սուտանի մէջ

 Այսօր  առաւօտեան ժամերէն սկսալ  ռազմական բախումներ   կը գրանցուին  Սուտանի մայրաքաղաք  Խորթումի, ինչպէս նաեւ կարեւոր  այլ քաղաքներուն մէջ։

 Լրատուական  աղբիւրներ, որ  բախումներուն մասին լուրեր կը տարածեն կը նշեն, որ   «Տահմ  ալ սարիհ» միլիցին (թարգմ. ՝«Շտապ միջամտութեան ուժեր») եւ երկրի  օրինական  բանակին մէջ  բախումները ընթացք  առած են յատկապէս   մայրաքաղաքի  ու նաեւ   երկրորդական  քաղաքներու օդակայաններու շուրջ, ուր  ըստ  աղբիւրներուն միլիցը  փորձած է իր տիրապետութիւնը տարածել։

 

 Մայրաքաղաքին  մէջ ահ ու սարսափի  վիճակ կը տիրէ եւ տեղի կ՚ունենան թաղային կռիւներ։ Կան տասնեակ  զոհեր եւ վիրաւորներ։ Մէկ  խօսքով երկիրը  քաղաքացիական նոր  պատերազմի մը սեմին , յատկապէս  որ  երկու  կռուող  կողմերը բազում  առումներով փոխկապակցուած են։

  Հետեւորդներուս յիշեցնեմ, որ «Տահմ ալ սարիհ» միլիցը կազմուած է  2003 թուականին Տարֆորի մէջ  եղած  ռազմերու ժամանակ  կարեւոր դեր ունեցած «Ճանճաուիտ»   անունով  յայտնի եւ ցեղախուբերէ   կազմուած ուժերէն եւ նոյն այս ուժերը   շատ վատ  դեր ունեցան, երբ   4 տարի առաջ 2019-ին Սուտանը    իշխանափոխութեան փուլ մը  ապրեցաւ, որմէ ետք ալ բանակը հասաւ իշխանութեան եւ տապալեց քաղաքացիական իշխանութիւնը։

 

Նիւթը՝  Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն