image

Քրիստոսի եկեղեցին եւ ամուսնութիւնը (2)

Քրիստոսի եկեղեցին եւ ամուսնութիւնը (2)

Ուրեմն կուսակրօնութեան ոչ մէկ պահանջ կը գտնենք  այստեղ, այլ բոլորովին ազատ կը ձգուի ենթական իր նախաձեռնւթեամբ իբրեւ կուսակրօն ծառայելու՝ բարեգործութիւն ընելով եւ ապրելով   վանքի մը մէջ, թէկուզ հիմնելով վանք մը: «Վանք» ըսելով այստեղ պիտի հասկնանք սովորական առանձնարան մը. իսկ մեր ըմբռնած վանքերը տակաւին գոյութիւն չունէին:

Անշուշտ քիչ մըն ալ զարմանալի պիտի ըլլար նման պահանջը, երբ իրենք՝ աշակերտներն ու առաքեալները, գրեթէ բոլորն ալ ամուսնացած էին, իսկ ամուրի էին միայն անոնք, որոնք առիթ  կամ բախտ չէին ունեցած ամուսնանալու:

 

 

Քրիստոսի եկեղեցին ու հօտը տնօրինելու կոչուած առաջին կանոնները, որոնք ծանօթ են «Կանոնք առաքելականք» անունով, մշակուեցան Քրիստոսի յարութենէն անմիջապէս ետք, Ձիթենեաց լեռան իսկ վրայ, անոր աշակերտներուն եւ առաքեալներուն կողմէ, մինչ  «տէր Քրիստոս աներեւոյթ տեսլեամբ ի մէջ նոցա՝ զօրացուցանէր զնոսա եւ շնորհէր զձեռնադրութիւն քահանայութեան»,–  այլ խօսքով՝ Քրիստոսի իսկ աներեւոյթ ներկայութեան զօրակցութեամբ եւ Սուրբ հոգիին թելադրութեամբ՝  աշակերտներուն  շնորհուած քահանայական ձեռնադրութեամբ:

Այս կանոններուն առաջին խումբը, որ բաղկացած է 34 կէտերէ, ամուսնական բացարձակապէս  ոչ մէկ արգելք կը սահմանէ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, մինչ ան  շատ երկար կը ծանրանայ ամուսնութեան թեկնածու հոգեւորականէն  ակնկալուած առաքինութեանց վրայ: Միայն  անոր  31-րդ կէտին մէջ եւ շատ սեղմ  կը կարդանք. «Եթէ ոք ի կարգէ  պաշտօնէից  եւ յուխտէ  եկեղեցւոյ (ուրեմն որեւէ եկեղեցական – ԱԵ) կամիցի կուսան լինել, բարւոյ գործոց ցանկալ, համարձակ լինի (ազատ  թող ըլլայ – ԱԵ)  վանս շինելոյ»  եւ ապրիլ այնտեղ նմանութեամբ «պաշտօնէից հրեշտակաց  Աստուծոյ  եւ զուարթնոց երկնից»:

Ուրեմն կուսակրօնութեան ոչ մէկ պահանջ կը գտնենք  այստեղ, այլ բոլորովին ազատ կը ձգուի ենթական իր նախաձեռնւթեամբ իբրեւ կուսակրօն ծառայելու՝ բարեգործութիւն ընելով եւ ապրելով   վանքի մը մէջ, թէկուզ հիմնելով վանք մը: «Վանք» ըսելով այստեղ պիտի հասկնանք սովորական առանձնարան մը. իսկ մեր ըմբռնած վանքերը տակաւին գոյութիւն չունէին:

Անշուշտ քիչ մըն ալ զարմանալի պիտի ըլլար նման պահանջը, երբ իրենք՝ աշակերտներն ու առաքեալները, գրեթէ բոլորն ալ ամուսնացած էին, իսկ ամուրի էին միայն անոնք, որոնք առիթ  կամ բախտ չէին ունեցած ամուսնանալու:

Այդ կանոններու երկրորդ խումբի  5-րդ կէտը կը թելադրէ. «Եպիսկոպոսը, երէցը կամ սարկաւագը թող չհեռացնեն  իրենց կինը երկիւղածութեան, այսինքն՝ աստուածավախութեան,   պատճառով. եթէ հեռացնեն,  թող մերժուին եկեղեցիէն, իսկ եթէ յամառին, թող կարգալոյծ ըլլան»:

Իսկ 15-րդ կէտը կը տնօրինէ հետեւեալը. «Ան որ  յետ մկրտութեան (ուրեմն որեւէ քրիստոնեայ – ԱԵ) երկրորդ ամուսնութիւն կը կնքէ կամ հարճ  մը կը բերէ տունը (իր ունեցած օրինաւոր կնոջ կողքին – ԱԵ), չի կրնար եպիսկոպոս, երէց կամ սարկաւագ դառնալ կամ քահանայական (հոգեւոր – ԱԵ) որեւէ կարգ ունենալ»,– ինչ որ կը նշանակէ, թէ ամէն հոգեւորականի համար միակնութիւնը բոլորովին  թոյլատրուած ու անվիճելի երեւոյթ է:

Արգիլուածը՝ բազմակնութիւնն ու  պոռնկութիւնն է միայն:

Յաջորդող՝ 50-րդ եւ 51-րդ կէտերը նոր վաւերականութիւն մը կու տան այս  մեկնաբանութեան. 

---Չի կրնար եպիսկոպոս, երէց կամ սարկաւագ դառնալ այն, որ ամուսնացած է այրիի մը կամ ամուսնալուծեալի մը հետ, կամ կենակցած է  բոզի մը կամ հարճի մը հետ:

---Նոյն արգելքին ենթակայ է ան, որ կ’ամուսնանայ երկու քոյրերու  կամ իր հարազատ  քեռորդիին հետ: 

Եւ վերջապէս նոյնին 103-րդ կէտը կը տնօրինէ. «Եպիսկոպոս մը չի կրնար ըստ իր կամքին եպիսկոպոսական պատիւը շնորհել եղբօրը, զաւակին կամ որեւէ ազգականի»... :

Այլ կանոն մը՝ «Անկիւրայի» կոչուած (որ մշակուած է 313 թուականին),                                                կ’ըսէ. «Կարգուած եպիսկոպոսը եթէ չընդունուի թեմի կողմէ եւ կամենայ ուրիշ թեմ անցնիլ,– կը մերժուի»...:  

Այս բոլորը, ինչպէս կը տեսնենք,  կը հաստատեն, որ օրինաւոր ամուսնութիւն կնքած որեւէ անհատ  (որ կը լրացնէ նաեւ բարոյական ու ֆիզիքական այն անհամար պայմանները, որոնց ակնարկուած է այլուր), հաւասարապէս կրնայ հասնիլ   եպիսկոպոսութեան, երէցութեան եւ սարկաւագութեան եւ փոխադարձաբար, որեւէ եպիսկոպոս, երէց եւ սարկաւագ կրնայ ամուսնանալ կարգերը մտնելէ ետք ալ: 

Ծանօթ.– Օրին այս երեքէն զատ  եկեղեցական կարգ չկար: 

                                                                      *   *    *

Ինչպէս նախորդ յօդուածիս մէջ կը հաստատուէր, մեր արշակունի բոլոր կաթողիկոսները ամուսնացած էին, եւ այդ համատարած երեւոյթը միայն շուշտակութեամբ չէր կրնար բացատրուիլ: Այլ խօսքով՝ կուսակրօնութեան պարտադրանք մը գոյութիւն չունէր: 

Այսուհանդերձ այս նորահաստատ եկեղեցին կը դիմագրաւէր  այլ տագնապներ օտարամուտ աղանդներու եւ վարդապետութիւններու պատճառով. ասոնք էին մանիքէականութիւնն ու  պաւղիկեան աղանդը, որոնք բաւական տարածուած էին Հայաստանի մէջ՝ հասնելով մինչեւ Եւրոպա:  Անոնց դաւանած խորթ սկզբունքներուն մաս կը կազմէր ամուսնութիւնը, որ կը մերժէին,  փոխարէնը կը թոյլատրուէր ազատ կենակցութիւնը՝ առանց ամուսնական որեւէ սահմանափակումի ու արգելքի, այլ խօսքով՝ որեւէ  այր ու կին կրնար ազատօրէն կենակցիլ որեւէ այրի ու կնոջ հետ:

Այս շարժումը պէտք է բաւական առաջ գացած ըլլայ՝ կլանելով հոգեւորականութեան շարքերը եւս, որ հարկ եղաւ 446 թուին, Սահակ կաթողիկոսի մահէն եօթը տարի ետք, գումարել  առաջին ազգային ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Արարատեան նահանգի Շահապիւան կոչուած աւանին մէջ, մասնակցութեամբ 40 հայ եպիսկոպոսներու, քաղաքական, զինուորական ու ժողովրդական  աւագանիին ու յատկապէս  օրուան մարզպան Վասակ Սիւնիի ու հազարապետ  Վահան Ամատունիի: 

Շատ խիստ կանոններ (գանակոծում, ծեծ,  բանտարկութիւն, աղուէսադրոշմ, մինչեւ սեռային ջիղերու հատում ու ներքինիացում եւ այլն) սահմանուեցան մասնաւորաբար  յիշեալ աղանդներուն հետեւորդներուն հանդէպ: Սակայն տրուած ըլլալով, որ մեր  հետազօտութեան առարկան  այդ աղանդները չեն, զանց կ’ընենք մանրամասնութիւնները, եւ կը կեդրոնանանք սահմանուած 20 կանոններէն 14-րդին վրայ միայն, որ  կ’ըսէ: 

---«Եպիսկոպոս կամ երէց կամ սարկաւագ  կամ ով եւ իցէ  ի պաշտօնէից  կամ յուխտէ, տանտիկին  զոք մի՛ իշխեսցէ ունենալ»:

«Տանտիկին»...այլ տեղ ըսուած է «աղախին». ասոնք խորքին մէջ անառակ կիներ էին, որոնք ամուսնացած տղամարդոց կողմէ՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր,   տուն կ’առնուէին՝ իբրեւ թէ օգնելու համար օրինաւոր կնոջ, այլ խօսքով՝ յառաջացած էր  բազմակնութեան եւ ապօրէն կենակցութեան ուրոյն ձեւ մը, որ շատ ընդհանրացած էր՝ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհի եւ  ի մասնաւորի Հայաստանի մէջ: Ահա այս վերջինն է, որ յիշեալ 14-րդ կանոնը կը փորձէ  վերացնել  մասնաւորաբար հոգեւորականներու կեանքէն:

Այս նոյն երեւոյթը  նշուած ու դատապարտուած է Նիկիոյ ժողովի 3-րդ. կէտով:  Անոր դէմ  առանց մեծ յաջողութեան պայքարած են Հոնորիոս, Թէոդոս եւ Յուստինիանոս կայսրերը եւս:

Ծանօթ.– Եւ զարմանալի չէ, որ Հռոմի Լեւոն Ա. Պապը (440−461)   443-ին կը հրատարակէր կոնդակ մը՝ ի՛ր կարգին արգիլելով հոգեւորականներու բազմակնութիւնը,— ուշադրութի՛ւն՝ ո՛չ ամուսնութիւնը,—  որ Եւրոպայի մէջ նմա՛նապէս տարածուած էր:  

Յաջորդ դարերուն է որ պիտի փորձուէր հետզհետէ  նուիրականացնել ու ամրակայել կուսակրօնութեան կարգը, այսինքն՝  յստակօրէն զանազանել ամուսնացեալ եւ ոչ-ամուսնացեալ  քահանաներու կարգերը: 

Այս փորձը դարձաւ ձախողումներու  երկար ու մթին  շարք մը, որ ոչ մէկ ատեն ամբողջական յաջողութիւն գտաւ:

 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com