Այս հարցականը տակաւին երկար ատեն պիտի սաւառնի Կովկասի վերեւ, եւ սակայն, աւելի շեշտակի կերպով պիտի յայտնուի Հայաստանի երկնակամարին վրայ:
Կ'ըսեն թէ աշխարհակարգ է փոխուած Կովկասի մէջ եւ թէ ոյժերու նոր դասաւորումներ կը զարգանան այնտեղ վերջին պատերազմէն ի վեր: Սակայն, տակաւին դժուար է պարզել թէ այդ բոլորը ի՛նչ կը խոստանան Հայաստանին:
Երբ Հայաստանի առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաժարեցաւ 1998-ին, յատուկ գիրով մը հրապարակայնօրէն ներկայացուցած էր հարցադրումը – պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն. եւ ինք իր հրաժարումով կանխած եղաւ քաղաքացիական պատերազմը, սակայն արտաքին պատերազմի հաւանականութիւնը շարունակեց մնալ մինչեւ 2020 թուականը եւ ի վերջոյ եկաւ պայթիլ Հայաստանի գլխուն:
Ներկայիս քաղաքական դէմքերու եւ մեկնաբաններու մեծամասնութիւնը կ'անդրադառնայ թէ այդ օրերուն կնքուելիք խաղաղութիւն մը կրնար աւելի տեւական դառնալ քան այսօր, երբ հարկադրուած պիտի ըլլանք թշնամիին հետ բանակցելու տկար դիրքերէ, պարտեալի իրավիճակով:
Այսօր ի՛նչ որ ալ տանք Ատրպէյճանին, ինչքան որ ալ զիջում ընելու պատրաստ ըլլանք, նախագահ Ալիեւ պիտի չբաւարարուի եւ պիտի ձգտի աւելիին, որովհետեւ ան պիտի տեսնէ թէ այժմ Հայաստանը չյօժարելու դիրքին մէջ չէ:
Բոլոր բանակցութիւնները, ի վերջոյ, պիտի յանգին զիջումներու, որքան ալ անոնք կատարուած ըլլան խաղաղասիրական նպատակներով եւ հաշտութեան եւ համերաշխութեան կարգախօսերով:
Յունուար 14-ին սկսան հայ եւ թուրք բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ, երկու կողմէ ալ արձակուած լաւատեսական լուրերով: Կողմերը համաձայնած են բանակցութիւնները իրականացնելու առանց նախապայմաններու: Քաղաքականութեան մէջ նման հաստատում մը միշտ պիտի ունենայ իր թակարդները: Հայաստանը սեղանի վրայ պիտի չբերէ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, ոչ ալ հատուցման պահանջը եւ ոչ իսկ 1921-ի Կարսի դաշնագրի օրինականութեան խնդիրը:
Թուրքական կողմը, իր հերթին, կը յայտարարէ թէ կը բանակցի առանց նախապայմաններու. սակայն, շեշտակիօրէն կը յայտնէ թէ բանակցութեանց ընթացքը հաւանականութեանը պիտի ենթարկէ Ատրպէյճանին. ահաւասիկ արդէն նախապայման մը. եւ եթէ լսէք նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրապարակային պահանջները, խաղաղութեան ամէն փորձ կը վերածուի հեգնանքի եւ մէկ բան կը մնայ ընել Հայաստանին – պատրաստուիլ պատերազմին:
Այս հաստատումը արդիւնք չէ յոռետեսութեան եւ ոչ ալ կը բխի Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ մեր տածած հասկնալի ատելութենէն: Այլ կը բաւէ համադրել քաղաքական տուեալները, իմանալ նախագահ Ալիեւի յայտարարութիւնները եւ գալ իրապաշտ եւ իրականութեան վրայ հիմնուած եզրակացութեանց:
Ալիեւի այսօրուան պահանջները աւելի լկտի են քան եղած են երբեւէ. բացի պահանջներէն` անոնց բանաձեւուած ոճն ալ անդին կ'անցնի դիւանագիտական բոլոր չափանիշներէն: Քաղաքական շրջանակներուն կը մնայ դատել թէ ո՞ր կողմը կը յարի խաղաղութեան եւ ո՜ր կողմն է որ կը սրէ կացութիւնը` անկարելի դարձնելով խաղաղութեան կայացումը Կովկասի մէջ: Ալիեւի ընթացքը եւ անոր սանձարձակ ռազմատենչութիւնը ունին խորքային պատճառներ, որոնց պէտք է անդրադառնալ` պատասխան մը բանաձեւելէ առաջ անոնց:
Նախքան կարենալ վերլուծել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները, պէտք է զանոնք դիտել տարածքաշրջանային յարաբերութեանց ծիրին մէջ ուր քաղաքական ալեկոծումները աւելի լայնածաւալ են եւ բուռն:
Այսպէս, Թուրքիան կարգ մը ճակատներուն վրայ մարտահրաւէրներ պարզեց Ռուսիոյ դիմաց եւ յաջողեցաւ համաձայնութիւններ ապահովել. այդ ճակատներն էին Լիպիան եւ Կովկասը: Նման քաղաքականութեան մը յաջողութենէն ոգեւորուած` Անքարա փորձեց այդ խաղը փոխադրել դէպի այլ շրջաններ եւս. եւ օգտուելով Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ յարաբերութեանց վերջին սրումէն Անքարան փորձեց Ռուսաստանի թաթին տակէն խլել Քազախստանը, եւ Սուլթան Նազարպաեւի հետ պետական հարուած մը փորձեց այնտեղ: Սակայն, Քրեմլին արթուն գտնուեցաւ եւ վիժեցուց խաղը` պատի մը առջեւ կանգնեցնելով Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը որոնք այնքան ուժգին կլանուած էին համաթուրանական քաղաքականութեան մէջ: Այս պարտութիւնը սառնասրտութեամբ տարաւ Անքարան, սակայն Ալիեւ, որ վերջերս սկսած էր ամբողջութեամբ իր ճակատագիրը կապել Թուրքիոյ զարգացող բեւեռին` բաւական ջղային կերպով ընդունած է այս կացութիւնը եւ իր այդ վրդովումը սկսած է պարզել տարբեր ձեւերով. այս իրադրութեան մէջ պէտք է դիտել նաեւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ բազմացող սադրանքները, որոնք որքան կը վրդովեցնեն Հայաստանը, նոյնքան եւ աւելի լուրջ մարտահրաւէր մը կը կարդան Ռուսաստանին եւ անոր խաղաղապահ ոյժերուն:
Ալիեւի հակազդեցութիւնը այս վերջին զարգացումներուն կը դրսեւորուի հետեւեալ արարքներուն մէջ.
Ա. Ատրպէյճանի նախագահը վերջերս ասպարէզ կարդաց Մինսքի համանախագահներուն` յայտարարելով որ անոնք այլեւս ընելիք չունին Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին մէջ. մենք այդ խնդիրը լուծեցինք եւ այլեւս խնդիր չմնաց լուծելիք: Մենք այդ խնդրին կողմերէն մէկն ենք եւ երբ կ'ըսենք թէ խնդիր չմնաց` պէտք է համոզուին անոնք եւ տուն երթան: Նոյնիսկ ան հեգնանքով աւելցուց. «արդէն Մինսքի խումբի 30ամեակն է այս տարի. կրնան անոր գործի աւարտին յոբելեանը տօնել եւ անցնիլ թոշակի»:
Միւս կողմէ Մինսքի խումբի համանախագահները, հակադարձելով Ալիեւի վերաբերումին` կը պնդեն թէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը չէ լուծուած եւ պէտք է շարունակ մնալ օրակարգի վրայ:
Բ. Այն պահուն երբ այնքան սուր կերպով լարուած են յարաբերութիւնները Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ – եւ երբ նոյնիսկ ոմանք անմիջական պատերազմ մը կը նախատեսեն – Ալիեւ որոշեց Յունուար 14-ին այցելել Ուքրանիա եւ այնտեղ կնքել ռազմական պայմանագիր մը ուր կողմերը կ'որոշեն պաշտպանել երկիրներու փոխադարձ հողային ամբողջականութիւնը:
Ալիեւի այս նախաձեռնութիւնը մէկ յաւելուածն է Թուրքիոյ քաղաքականութեան, որով ան Քիեւի իշխանութեանց կը հայթայթէ ամէնէն մահացու պատերազմական զէնքերը, նոյն ատեն յայտնելով որ յաւակնութիւններ ունի Ղրիմի վրայ:
Գ. Յաջորդ մարտահրաւէրը որ Ալիեւ կը կարդայ Քրեմլինի` Հայաստանի միջոցաւ կատարուող գրգռութիւններն են:
Նոյեմբեր 26-ի Սոչիի եռակողմ յայտարարութենէն վերջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետը Սերկէյ Օվըրչուք, Հայաստան այցելելով յայտարարեց թէ բացուելիք նոր ճամբարներն ու հաղորդակցութիւնները պիտի գործեն համապատասխան երկիրներու իշխանութեան ներքեւ. նոյն հաւաստումը կրկնուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ այլ յայտարարութեամբ: Սակայն, վերջերս, լրագրողի մը հարցին դիմաց վտանգաւոր լռութիւն մը պահած է Պր. Օվըրչուք, իսկ Յունուար 14ին ալ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց որ դժուարութիւններ յառաջացած են սահմանազատումի եւ սահմանագծումի ծրագիրը իրականացնելու ճամբուն վրայ: Պարզ է որ Ատրպէյճան շրջադարձ մը կատարած է իր սկզբնական որոշումներուն մէջ, այս նոր զարգացումներու լոյսին տակ:
Կ'արժէ ընդգծել որ Նազարպաեւ վերջերս Երեւանի մէջ մասնակցելով Հաւաքական Անվտանգութեան Պաշտպանութեան հաւաքին, փորձեց Ատըրպէյճանը ընդունիլ տալ իբրեւ դիտորդ անդամ, մինչ այսօր Ալիեւ կ'երթայ Ուքրանիա զինակցելու համար այս վերջնոյն հետ եւ դիմակայելու Ռուսաստանին:
Վերադառնալով հայ-թրքական բանակցութեանց` պիտի տեսնենք որ «առանց նախապայմաններու» սկսող շարժումը դէպի ո'ւր կ'ընթանայ երբ Էրտողան եւ Չաւուշօղլու կը յորդորեն որ Երեւանը լեզու գտնէ Ատրպէյճանի հետ որպէսզի Թուրքիան բարեհաճի բանալ սահմանները եւ դիւանագիտական կապեր հաստատէ Հայաստանի հետ:
Երբ կը տեսնենք նախագահ Ալիեւի նորանոր պայմանները եւ աւելի սրող ախորժակները, արդէն կրնանք կանխատեսել թէ ո՞ւր կրնան յանգիլ հայ-թուրքական յարաբերութիւնները:
Անցեալին նախագահ Ալիեւ պահանջ դրած էր միջանցքի մը, զայն պայմանաւորելով Հայաստանի հաշուոյն տարածքի կիսումով, հակառակ պարագային սպառնալով մաքսային դրութիւն հաստատել Լաչինի միջանցքին վրայ: Սակայն, այս շաբթուան ընթացքին Ալիեւի կատարած յայտարարութիւնները շատ անդին կ'անցնին միջանցքի ծրագրէն` ամբողջ Սիւնիքի հողը իւրացնելու պահանջով: Արդարեւ, Ալիեւ կ'ըսէ. «Այս միջանցքով թէ երկաթուղի կ'անցնի եւ թէ ինքնաշարժի ճանապարհ: Ապագային կը նախատեսենք նաեւ ելեկտրա-հաղորդման գիծեր դէպի Նախիջեւան, քանի որ ելեկտրական ոյժ արտահանելու մեծ միջոց կայ: Այսքանով ալ չբաւականանալով ան կը պահանջէ կազատար խողովակներ հաստատել մէկը` Կապանի վրայով, իսկ միւսը` Մեղրիով, իսկ ուրիշ մըն ալ Սիսիանով»: «Հետեւաբար Զանգեզուրի միջանցքը պէտք է ընդգրկէ ամբողջ Զանգեզուրի շրջանը», կ'եզրափակէ Ալիեւ:
Այսպիսի յաւակնութիւններու դիմաց սփիւռքահայերը պիտի ըսէին ՙախորժակը կը բացուի ուտելով՚, իսկ Հայաստանցիները` ՙկենացները քարձրանում են՚: Թէեւ Պր. Ալիեւի ՙկենաց՚ին մէջ բաւական լեղի դեղահատ մը կայ որուն պէտք է պատասխանեն ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ Ռուսաստանն ու ամբողջ քաղաքական աշխարհը:
Ալիեւի այս պահանջը նաեւ ներկայացուած է ռազմական բաղադրիչով մը. ան յայտնած է որ մինչ Ատրպէյճան կը համալրէ իր զինանոցը, բայց միւս կողմէ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի «ռեվանշիստ»ական նկրտումներուն ու զինարշաւին: «Այն պահուն որ մենք վտանգ մը կը տեսնենք Հայաստանի զինումին մէջ, մենք կարող ենք այդ վտանգը չէզոքացնել` որքան ալ խորունկ թաղուած ըլլայ ան»:
Ահաւասիկ պատկերը Թուրքիոյ «առանց նախապայմաններու» բանակցելուն: Հայաստան փաստօրէն կը գտնուի պատերազմական մարտահրաւէրի մը դիմաց, որուն լուծումը յաւելեալ զիջումը չէ:
Եթէ սկսի նոր պատերազմ մը` ատիկա պիտի չպատահի Հայաստանի կամքով: Դժբախտաբար հայաստանեան կողմի ընտրութիւնը Հայաստանը չէ որ պիտի ընէ, այլ զայն պարտադրողը պիտի ըլլայ թշնամին: Եւ այդ ընտրութիւնը հետեւեալն է.
Ա. Ծաւալել Հայաստանի դիւանագիտութիւնը եւ ապահովել բարեկամներ: Վերջին պատերազմին Հայաստան մնաց մինակ. միայն Ֆրանսան է որ բարեկամական յայտարարութիւններ հրապարակեց եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու որոշում առաւ: Սակայն, երբ հերթը հասաւ զինուորական օգնութեան` Փարիզը ափսոսանքով յայտարարեց որ Հայաստան եւ Ֆրանսա կը գտնուին տարբեր համակարգերու մէջ եւ հնարաւոր չէ զէնք տրամադրել Հայաստանին: Հայաստանի բարեկամներն ու դաշնակիցները պիտի գտնուին այն շրջանակներուն մէջ որոնք խնդիր ունին Թուրքիոյ հետ – Յունաստան, Կիպրոս, արաբական երկիրներ, եւ մինչեւ անգամ Չինաստան, որովհետեւ Անքարա վերջերս վերսկսած է գրգռութիւններ յառաջացընել Չինաստանի ույկուրներու շրջանին, Զինխեանկ նահանգին մէջ:
Բ. Հայաստանի առաջնահերթութիւնը կը մնայ արագ զինումը` փրկելու համար մնացեալը: Պէտք է ապահովել մինչեւ անգամ հինգերորդ սերունդի զէնքեր, բոլոր կարելի աղբիւրներէն:
Այս արշաւին պէտք է նաեւ մասնակցի սփիւռքը, ոչ միայն փրոփականտով, այլ գիտնականներով, գիտական նորութիւններով եւ ամէն այլ հնարքներով:
Միամտութիւնը պէտք չէ ունենանք որ կրնանք պարտութեան մատնել Ատրպէյճան մը որ դաշնակցած է Թուրքիոյ, Փաքիստանի, Իսրայէլի եւ միջազգային ահաբեկիչներու հետ:
Սակայն պէտք է զինուիլ այն աստիճան որ թշնամին հարկադրուի հաշուարկել պատերազմին գինը եւ զայն համեմատութեան դնել պատերազմի հետեւանքներուն հետ: Վերջին պատերազմին Հայաստանը, հակառակ պարտութիւն կրելուն, յաջողեցաւ պատժիչ հարուած մը հասցնել Ատրպէճանին, որ երկար ատեն պիտի կրէ այդ հակադարձութեան հասցուցած աւերը:
Ուրեմն դարձեալ հարցականը – պատերա՞զմ, թէ՞ խաղաղութիւն:
Եթէ կ'ուզենք ապահով խաղաղութիւնը` պէտք է լրջօրէն պարաստուիլ պատերազմի: