image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ալիեւի ռազմատենչութիւնն ու խաղաղութեան հեռանկարները

Խմբագրական «Պայքար»ի. Ալիեւի ռազմատենչութիւնն ու խաղաղութեան հեռանկարները

2020 թուականի 44օրեայ պատերազմէն ի վեր այս օրերուն ստեղծուած է ամէնէն պայթունավտանգ կացութիւնը կովկասեան տարածաշրջանին մէջ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ որ հետամուտ է ՙխաղաղութեան դարաշրջան՚ ստեղծելու. միւս կողմէ Ատրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ կը յայտարարէ որ ինք խաղաղութիւն կը ցանկայ, սակայն հանդէս կու գայ ամէնէն ռազմատենչ սպառնալիքներով:

Երբ Ատրպէյճան յաղթական դուրս եկած է 44օրեայ պատերազմէն եւ վերըստին տիրացած է իր կորսնցուցած տարածքներուն, հետեւաբար ի՞նչ բանն է որ կը մղէ զինք սպառնալիքներ տեղալու Հայաստանի դէմ. եւ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Իրանի, նոյն ատեն ասպարէզ կարդալով միջազգային հասարակութեան:

Պէտք է փորձենք հասկնալ ներքին եւ արտաքին պատճառները, որոնք կ'անհանգստացնեն Ալիեւն ու իր վարչակազմը: Հակառակ անոր որ Ալիեւ կը յոխորտայ որ Ատրպէյճան բարելաւած է իր տնտեսական վիճակը` ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է, եւ ընչաքաղձ հասարակութիւնը նախանձով  կը դիտէ ալիեւեան գերդաստանի շռայլ եւ շուայտ կենսաձեւը:

Նախ պէտք է հարցնել թէ պատերազմէն երկու տարիներ վերջ, ինչո՞ւ Ատրպէյճանի ներքին գաղթականները չեն վերադառնար Շուշի եւ գրաւեալ այլ շրջաններ. չէ՞ որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները աւելի քան երեսուն տարիներ կորսըւած հողերը կը պահանջէին յանուն ներքին տարահանուած մէկ միլիոն գաղթականներուն:  Իրականութեան մէջ ներքին գաղթականներու թիւը կը տարուբերէր 400,000-700,000ի միջեւ:  Սակայն անոնք այսօր ցանկութիւն ցոյց չեն տար վերադառնալու դէպի այդ հողերը: Պատճառներէն մէկն այն է որ ժողովուրդը ներքին զգայարանքով գիտէ թէ այդ հողերուն վերջնական ճակատագիրը չէ ճշդուած: Միւս պատճառը այն է որ յաղթանակի հետեւանքով գրաւուած հողերը նուէրն էին Թուրքիոյ:  Սակայն, ամէնէն կարեւոր պատճառը այն է որ Ալիեւ այդ տարածքները կ'օգտագործէ այլ նպատակներու, օրինակ զանոնք տրամադրած է Իսրայէլի որպէսզի այս վերջինը այդ տարածքներէն հետախուզական գործունէութիւններ իրականացնէ Իրանի դէմ եւ պատերազմական պատրաստութիւններու ձեռնարկէ. այդ պատճառաւ ալ խիտ բնակչութեան կարիքը չկայ այդ հողերուն վրայ:  Այդ հողերուն վրայ արագօրէն կատարուող ռազմական օդակայանները վկայութիւններն են այդ նպատակներուն:

Ալիեւ մտած է գլուխէն վեր արկածախնդրական խաղերու մէջ որոնք կրնան իր գլխուն վրայ փլիլ:

Մէկ կողմէ Իսրայէլի ռազմական ծրագիրներուն մասնակցելով եւ միւս կողմէ սատարելով Թուրքիոյ համաթուրանական ծրագիրներուն` ան մտած է ճակատումի մէջ հարեւան Իրանի հետ: Թուրքիոյ նպատակն է պարսկական Ատըրպատականը անջատել Իրանէն եւ զայն ցատկատախտակ մը սարքել դէպի Միջին Ասիա:  Այդ ծրագիրը, որոշ չափով հաճոյ է նաեւ Արեւմուտքին, որ իր ՙժողովրդավարութեան՚ թմբկահարութիւններով հանդերձ կը հանդուրժէ ալիեւեան բռնատիրական վարչակարգը:  Տակաւին քանի մը օր առաջ Ամերիկայի պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս յայտարարեց որ ՙԻրանը սպառնալիք մըն է տարածաշրջանին մէջ՚ եւ ապա աւելցուց որ ՙմենք թիկունք պիտի կանգնինք մեր բարեկամներուն՚:  Այս յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց սրուելուն կապակցութեամբ:

Թեհրանի յարումը Հայաստանին մէկ ազդակն է Պաքուի հետ անոր ունեցած հակադրութեան:

Վերջերս ցոյցեր կատարուեցան Իրանի մէջ եւ կարգ մը շրջանակներէն լսուեցան անջատողական կոչեր:  Թեհրան ամբաստանեց Արեւմուտքն ու Իսրայէլըª լաւ իմանալով որ անոնք կը գործեն Ատրպէյճանի միջոցաւ:

Աւելի ուշ անջատողական կուսակցութիւն մը հանդէս եկաւ Նախիջեւանի մէջ պահանջելով որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութիւնը կցուի Իրանին: Կասկած կը մնա՞յ որ այս շարժումն ալ հակադարձութիւն էր առաջինին:  Երկու երկիրներուն մէջ ալ սաստկացած են ատելութեան քարոզչութիւնները իրարու հանդէպ. այդ պատճառաւ ալ երկու մայրաքաղաքներուն մէջ ալ դեսպանները հրաւիրուեցան պատգամներ փոխանցելու իրենց համապատասխան իշխանութեանց:

Այս լարուածութիւնը ծանրօրէն կ'անդրադառնայ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեանց եւ ճնշումի տակ կը պահեն Իլհամ Ալիեւը:

Տարածաշրջանային այս իրադարձութիւնները որոնց մէջ յանձնառու է Ատրպէյճանը, ջղային լարուածութիւն կը պատճառեն Իլհամ Ալիեւին:  Անոնց վրայ կ'աւելնան նաեւ ուղղակի Հայաստանին առնչուող ազդակներ – ինչպէս Եւրոպական Միութեան դիտորդներու տեղեկայումը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին - ինչ որ կը զսպէ Ալիեւի բանակին սահմանային նկրտումները:  Անոր վրայ կ'աւելնան Եւրոպայի մէջ առնուած նախաձեռնութիւնները. օրինակ Սպանիոյ ծերակոյտը մերժեց վաւերացնել Ատրպէյճանի հետ հետախուզական լուրերու փոխանակման համաձայնագիրը, պատճառ բռնելով Ատրպէյճանի նախայարձակումը Հայաստանի դէմ: Իսկ Նոյեմբեր 15ին Ֆրանսայի խորհրդարանը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու խնդիրը:

Այս բոլորին կը միանայ նաեւ Իրանի ռազմափորձերու խնդիրը, որ փաստօրէն զգուշացում մըն էր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ, վերջիններուն ունեցած յաւակնութեանց կապակցութեամբ` Սիւնիքի նկատմամբ:

Այսպէս, հազիւ աւարտած էին բանակցութիւնները Ուաշինկթընի մէջ երեք արտաքին գործոց նախարարներու – Պլինքըն, Միրզոյեան եւ Պայրամով – նախագահ Ալիեւ զինուորական զգեստներով խօսք առաւ Նոյեմբեր 9ի ՙՅաղթանակի՚ 2րդ տարեդարձին, Շուշիի մէջ եւ սպառնալիքներու շարք մը տեղաց Հայաստանի դէմ, հակառակ որ տասը օր առաջ Սոչիի եռակողմ գագաթաժողովին, Փութինի եւ Փաշինեանի հետ յանձնառու եղած էր չդիմել բռնութեան կամ ոյժի սպառնալիքի:

Ան պատճառաբանեց որ Հայաստանի մէջ սկսած են գլուխ բարձրացնել ՙռեվանշիստական ոյժեր՚ (նկատի ունի Հայաստանի վերազինումը), որոնք չեն ուզէր հաշտուիլ պատերազմի արդիւնքներուն հետ՚: Ան մեղադրեց Հայաստանը որ իբր թէ իր ոյժերը դուրս չէ հանած Լեռնային Ղարաբաղէն: ՙՄենք խաղաղութիւն կ'ուզենք, արդար խաղաղութիւն. մեր առաջ քշած պայմանները հիմնուած են միջազգային իրաւունքի վրայ՚:

Ապա անդրադառնալով Զանգեզուրի միջանցքին ան ըսաւ - ՙԶանգեզուրի միջանցքը Հայաստանի պատասխանատուութիւնն է: Երկու տարի է մենք կ'ապահովենք ինքնաշարժերու անցքը Լաչինի միջոցաւ Հայաստանի ու Ղարաբաղի միջեւ: Հայաստան եւս պարտաւորուած է ապահովել Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւնը ... որո՞ւ կը սպասեն: Ներկայիս Ատրպէյճանի բանակը աւելի ուժեղ է քան երկու տարի առաջ՚:

Ապա ան անդրադառնալով Հայաստանի սահմանին գրաւեալ տարածքներուն, ըսաւ թէ այդտեղ կանգնած են ատրպէյճանական ոյժերը որոնք իրենց թիրախին տակ բռնած են Հայաստանի ռազմագիտական հանգոյցները:

Ամէնէն կարեւորը ան իր սպառնալիքը Հայաստանի վրայով հասցուց նաեւ այլ երկիրներու ըսելով. ՙՄեր բանակը հերոսութիւն, փրոֆեսիոնալիզմ եւ նուիրում ցուցաբերեց: Եթէ պէտք ըլլայ, նորէն ցոյց կու տանք. կը հասնինք այն նպատակին զոր կ'ուզենք. ատիկա գիտեն բոլորը. սա պէտք է իմանան նաեւ անոնք որոնք զօրավարժութիւններ կ'ընեն մեր սահմանին վրայ, աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին:  Ոչ ոք կրնայ վախցնել մեզ՚:

Ան նաեւ մէջտեղ նետեց կրօնական ազդակը, Հայաստանը ամբաստանելով իբրեւ ՙմզկիթներ քանդող՚ կողմ:

Մարտահրաւէրը մեծ է Փաշինեանի համար, մանաւանդ որ Ալիեւ իր յոխորտանքներուն մէջ վիրաւորանք մըն ալ ըրած է իրեն ըսելով. ՙերկրորդ ղարաբաղեան պատերազմէն յետոյ Փաշինեան պարզապէս վախցաւ եւ առանց ոեւէ կրակոցի մեզի վերադարձուց գրաւեալ Աղտամը, Քելբաջարը եւ Լաչինը՚:

Այս օրերուն որոշ շօշափելի համակրանք ստեղծուած է միջազգային հասարակութեան մօտ` Հայաստանի նկատմամբ, որպէսզի Փաշինեան համարձակի փոխադարձել գոնէ բառերու պատերազմին: Ալիեւէն առաջ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն էր որ վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցած էր Փաշինեանի եւ Հայաստանի դէմ ՀԱՊԿի (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան) ժողովին ընթացքին, որուն պիտի պատասխանէր ան նոյնպէս. ան Սոչիի գագաթաժողովին համարձակած էր Ռուսաստանէն համարատուութիւն պահանջել Հայաստանի նկատմամբ իր ունեցած յանձնառութեանց ծիրէն ներս:

Փաշինեան, Հայաստանի շուրջ ստեղծուած որոշ համակրանքէն քաջալերւած կրցաւ ընբերանել Ալիեւը, նախ շրջելով անոր ամբաստանութիւնները թէ` Ատրպէյճանն է որ թերացած է իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն մէջ` չվերադարձնելով հայ ռազմագերիները, գրաւելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները եւ ոյժի սպառնալիքով միջանցք փորձելով պարտադրել:

Աւելի խստացնելով իր ամբաստանութիւնները ան Ատրպէյճանը նմանցուց Ալ-Քայտային եւ ըսաւ որ Ալիեւ գետին կը պատրաստէ փակելու Լաչինի միջանցքը` ցեղասպանութեան ենթարկելու Արցախի հայութիւնը:

Ներկայիս շիկացած է մթնոլորտը եւ կը շարունակուի բառերու պատերազմը:  Կը յուսանք որ բառերու այդ պատերազմը չի վերածուիր ռումբերու պատերազմին:

Այնպէս կը թուի թէ միջազգային հանրութիւնը սկսած է հասկնալ Ատրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակները եւ թոյլ չի տար որ յանկարծ պայթին նաեւ ռումբերը: