image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ռուսաստանի բացատրութիւնները եւ ընդդիմութեան ձախողումը

Խմբագրական «Մասիս»ի. Ռուսաստանի բացատրութիւնները եւ ընդդիմութեան ձախողումը

44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցին առթիւ Ռուսաստանի կողմէ հնչեցին բաւականին ուշագրաւ յայտարարութիւններ, որոնք եկան ցոյց տալու թէ, որքան զգայուն դարձած է Մոսկուան Հայաստանի հասարակութեան մօտ իր նկատմամբ ձեւաւորուող հանրային կարծիքին նկատմամբ, նոյն ատեն համաձայնելով Երեւանի պաշտօնական կեցուածքին հետ` կապուած տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման եւ իւրաքանչիւր կողմի ինքնիշխանութեան վերաբերեալ:

Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք այցելելով Երեւան յայտարարեց, որ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցով լուծումները առաջին հերթին կը հիմնուին այն հանգամանքին վրայ, որ այդ ճանապարհներու ինքնիշխանութիւնը պիտի մնայ իւրաքանչիւր պետութեան: Այսպիսով Մոսկուա կու գայ համաձայնելու  Հայկական կողմի բազմիցս հնչեցուցած այն դիրքորոշման հետ, որ Հայաստանի ինքնիշխան հողին վրայ Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրելու հարցը իր օրակարգին վրայ չկայ ու չի կրնար ըլլալ:

Երկրորդ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ, կ’անդրադառնայ Հայ-Ռուսական յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանէն ներս Մոսկուայի նկրտումներուն: «Եռակողմ յայտարարութիւնը ընդունելէն մէկ տարի անց կարելի է վստահ հերքել ընկերային ցանցերով եւ համացանցային միջոցներով հաղորդումները այն մասին, որ, Ռուսաստանի խաղաղապահ ջանքերը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղը անջատելուն, Ատրպէյճանին յանձնելուն, Հայաստանը հովանաւորուողի վերածելուն: Նմանօրինակ յայտարարութիւնները կը կրեն ժողովրդական բնոյթ, կը կատարեն ակնյայտ արտաքին պատուէր եւ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին», ըսուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ: Այս առթիւ Մոսկուան չէ մոռցած նաեւ հայ եւ միջազգային կառոյցներուն ըսելու որ, ինք մենաշնորհը չունի տարածաշրջանի հարցերու լուծման գծով եւ պատրաստ է շարունակել ջանքերը` ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի շրջագիծէն ներս, որուն եռանախագահութեան անդամ են, Ռուսաստանի կողքին` Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան: Այսպիսով Մոսկուան կը հրաւիրէ այդ երկու պետութիւնները, որոնք իրենց դիրքորոշումներով աւելի մօտ են Հայաստանի տեսակէտներուն, միասնաբար գործելու Արցախեան հարցի  լուծման ուղղութեամբ:

Յաջորդական այս յայտարարութիւնները կու գան ամրապնդելու Հայկական կողմի դիրքորոշումները եւ ցոյց տալու թէ, Երեւան-Մոսկուա մնայուն շփումները` ամենաբարձր մակարդակով, կու տան իրենց պտուղները, այն աստիճան որ Քրեմլին պարտաւորուած կը զգայ հերքելու Արցախի նկատմամբ իր հասցէին հնչող մեղադրանքները:

Այսպիսով սնանկութեան նոր փաստի առջեւ կը կանգնին նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը, որոնք ամիսներէ ի վեր կը «գուշակէին»  նոր համաձայնութեան ստորագրում, Ատրպէյճանին «Զանգեզուրի միջանցքի» տրամադրում, Արցախէն հրաժարում եւայլն, եւայլն:

Հետեւաբար, անակնկալ չէր երբ Նոյեմբեր 8-ին, «Հայաստան» դաշինքի հրաւիրած հանրահաւաքը մատնուեցաւ լիակատար ձախողումի: Հայաստանի հասարակութիւնը իր ունեցած բոլոր դժգոհութիւններով հանդերձ, պատրաստ չէ միանալու Քոչարեանի գլխաւորած որեւէ շարժումի կամ «համազգային դիմադրութեան»: Տակաւին հինգ ամիս առաջ ժողովուրդը ըսաւ իր խօսքը` քուէատուփի միջոցաւ, իսկ նոր արտահերթ ընտրութիւններ բացառուած են, որքան որ ալ այդ մասին երազեն ու խօսին 20 տարի երկիրը կողոպտած դաւադիր այդ շրջանակները:

 

«ՄԱՍԻՍ»