image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Դեմոկրատները երկընտրանքի առջեւ

Խմբագրական «Մասիս»ի. Դեմոկրատները երկընտրանքի առջեւ

Այս իրադարձութիւններուն յաջորդող հարցախոյզերը եւս յստակ պատասխան չեն տար, թէ բանավէճը որքանով ազդած է ընտրողներու տրամադրութիւններուն վրայ: Սակայն յստակ է, որ Թրամփ կը պահէ իր առաւելութիւնը եւ ունի ընտրուելու աւելի մեծ հաւանականութիւն` քան նախագահ Պայտըն: Իրավիճակը կրնայ փոխուիլ եթէ դեմոկրատները կարողանան համոզել Պայտընին` ջահը փոխանցելու մէկ ուրիշին: Այստեղ ամենէն աւելի կ՛արծարծուի փոխ նախագահ Քամալա Հարրիսի անունը, որ աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի փակելու ճանապարհը` Թրափի Սպիտակ Տուն վերադարձին առջեւ:

 

 

Նոյեմբերին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու  գլխաւոր երկու թեկնածուները` Դեմոկրատ Ճօ Պայտըն եւ Հանրապետական Տանոլտ Թրամփ ընտրուելու  պահուն  պիտի դառնան  Ամերիկայի ամենէն երեց նախագահը: Այս պարագան կը մտահոգէ քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը, որոնք կը նախընտրէին տեսնել երիտասարդ թեկնածուներ` երկիրը կառավարելու համար յաջորդ չորս տարիներուն:

Յունիս 27-ին, այս երկու թեկնածուներուն միջեւ տեղի ունեցաւ առաջին բանավէճը, որուն ընթացքին նախագահ Պայտըն երեւցաւ ֆիզիկապէս անհանգիստ ու տկար: Ան  չկարողացաւ բանաձեւել իր միտքերը, ամբողջացնել իր նախադասութիւնները եւ ոչ ալ կարողացաւ պատշաճ ձեւով պատասխանել Թրամփի մեղադրանքներուն:

Բանավէճի  աւարտին մոռցուած էր Տանոլտ Թրամփի սխալ եւ շատ անգամ բացայայտ սուտ յայտարարութիւնները եւ բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ  Պայտընի առողջական վիճակին վրայ: Քաղաքական մեկնաբանները համակարծիք էին, որ Պայտընի տարիքը սկսած է ազդել իր մտային կարողութեան վրայ ու հարց կու տային թէ արդեօ՞ք ան ի վիճակի է շարունակելու ընտրապայքարը եւ կամ ընտրուելու պարագային չորս տարի ղեկավարելու երկիրը:

Բանավէճէն անցած է երկու շաբաթ, սակայն Ճօ Պայտընի թեկնածութեան նպատակայարմարութիւնը կը շարունակէ մնալ քննարկման առարկայ` ժողովրդային ու քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Ամերիկեան ազդեցիկ թերթերը` գլխաւորութեամբ «Նիւ Եորք Թայմզի» հանդէս եկան խմբագրականներով` կոչ ընելով նախագահ Պայտընին դադրեցնելու իր ընտրապայքարը եւ առիթ տալու, որպէսզի Դեմոկրատ Կուսակցութիւնը որդեգրէ նոր ու երիտասարդ թեկնածու մը:

Յաջորդող օրերուն նման կոչերով հանդէս եկան  Ներկայացուցիչներու Տան շարք մը անդամներ: Ուրիշներ յայտնեցին թէ սպասողական վիճակի մէջ են,  տեսնելու համար թէ  Պայտըն պիտի կարողանա՞յ փարատել իր առողջական վիճակին շուրջ ստեղծուած մտահոգութիւնները: Այդ ընելու համար Պայտըն աւելի յաճախ պէտք է շփուի լրագրողներու հետ` տալով հարցազրոյցներ եւ մամլոյ ասուլիսներ:

Իր առողջական վիճակին շուրջ բարձրացած հարցականներուն կապակցութեամբ Պայտըն կը մնայ անդրդուելի ու կը պնդէ, որ բանավէճի ընթացքին պարզուած երեւոյթը արդիւնք էր մրսածութեան եւ կարճ ժամանակուայ ընթացքին դէպի Եւրոպա կատարած իր երկու ճամբորդութիւններուն:

Այս իրադարձութիւններուն յաջորդող հարցախոյզերը եւս յստակ պատասխան չեն տար, թէ բանավէճը որքանով ազդած է ընտրողներու տրամադրութիւններուն վրայ: Սակայն յստակ է, որ Թրամփ կը պահէ իր առաւելութիւնը եւ ունի ընտրուելու աւելի մեծ հաւանականութիւն` քան նախագահ Պայտըն: Իրավիճակը կրնայ փոխուիլ եթէ դեմոկրատները կարողանան համոզել Պայտընին` ջահը փոխանցելու մէկ ուրիշին: Այստեղ ամենէն աւելի կ՛արծարծուի փոխ նախագահ Քամալա Հարրիսի անունը, որ աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի փակելու ճանապարհը` Թրափի Սպիտակ Տուն վերադարձին առջեւ:

Պայտըն իր պաշտօնավարման երեք ու կէս տարիներու ընթացքին կարողացաւ յաջողցնել բազմաթիւ օրինագիծեր, որոնք չէին իրագործուած երկար տարիներէ ի վեր, գլխաւորաբար ենթակառուցուածքներու օրինագիծը: Ան յաջողեցաւ տնտեսութիւնը դուրս բերել Քովիտի պատճառաւ յառաջացած անկումէն ու իր օրով անգործութեան մակարդակը հասաւ իր ամենէն ցած ցուցանիշին: Սակայն սպառողական ապրանքներու սղաճը եւ իր տարիքը մնացին գլխաւոր երկու պատճառները` ընտրողներուն մօտ եղած վերապահումներուն:

Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան Դեմոկրատ ղեկավարները այժմ երկնտրանքի առջեւ են: Շարունակե՞լ ընտրապայքարը Ճօ Պայտընի հետ, թէ՞ զօրավիգ կանգնիլ այլ մէկ թեկնածուի`  կանխելու համար Տանոլտ Թրամփի ընտրութիւնը, որ աղէտաբեր կրնայ ըլլալ  Ամերիկայի ժողովրդավարութեան ու անոր սահմանադրական կարգերուն:

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»