image

Խերսոնը, Զապորոժիէն, Տոնէցքն ու Լուկանսքը կողմ քուէարկած են Ռուսաստանի միանալուն

Խերսոնը, Զապորոժիէն,  Տոնէցքն ու Լուկանսքը կողմ  քուէարկած են Ռուսաստանի միանալուն

Ուքրանիոյ Խերսոնի մարզին մէջ կայացած հանրաքուէի ձայներու 100 տոկոսի հաշուարկի արդիւնքներով՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմ մտնելու օգտին քուէարկած է ընտրողներու 87,05 տոկոսը, յայտնած են մարզային ընտրական յանձնաժողովէն։ Կը տեղեկացնէ ԹԱՍՍ-ը։

Զապորոժյէի շրջանի մուտքը Ռուսիա պաշտպանած է ընտրողներու 93,11%-ը։ Ինքնահռչակ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան մէջ կողմ քուէարկած է 98,42 տոկոսը։ Ինքնահռչակ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան մէջ քուէներու 56,85 տոկոսի հաշուարկէն ետք, Ռուսիոյ Դաշնութեան կազմ մտնելուն կողմ է 94,75 տոկոսը։