image

Կեանքէն հեռացած է արիասիրտ գրող Վահան Տէր Ղազարեանը

Կեանքէն հեռացած է արիասիրտ գրող Վահան Տէր Ղազարեանը

28 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ, կեանքէն հեռացած է գրող, ազատամարտիկ, սենարիստ, անձաւախոյզ, լեռնագնաց Վահան Տէր Ղազարեանը։

Ան ծնած է 26 Յուլիս 1950-ին, Երեւան։ Ուսումը ստացած է Մոսկուայի Կորգիի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ։ Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան անդամ էր, սինեմադոկրաֆիստներու (շարժանկար նկարահանողներ) միութեան անդամ, Հայկական աշխարհագրական ընկերութեան նախագահութեան անդամ, Հանրային խորհուրդի անդամ եւ Անձաւագիտական կեդրոնի նախագահութեան անդամ։ 

Մասնակցած է Արցախեան առաջին ազատամարտին, եղած է Հայաստանի ռազմական լեռնագնացութեան հիմնադիրը, նաեւ քարանձաւագիտական գործունէութեան հիմնադիրներէն մէկը։

Հրատարակած է շարք մը գիրքեր՝ «Փնտռողների արշաւանքը» վէպը, «Արքայադրամը» վէպը, որ Գանատայի մէջ արժանացած է Համազգային կրթական եւ մշակութային հաստատութեան մրցանակին, արժանացած է նաեւ «Գրիգոր Նարեկացի» մետալին։

2021-ին «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Վահան Տէր Ղազարեանի «Տիպանգո» գիրքը, ուր տեղ գտած էին համանուն վիպակն ու պատմուածքները։

Պետական պատուէրով հրատարակուած են հեքիաթները («Լուսնի հեքիաթները», «Թաց ու Չորի եւ նրա որդիների զարմանահրաշ արկածները մեր օրերում» երեքհատորեակը), թատերգութիւնները («Լեւոն Հայկազը», «Ազատութեան զանգը», «Անապատ»), Էսթոնիոյ եւ Քրաքովի օփերային թատրոնին մէջ բեմադրուած է «Ադամամութ» օփերան, որու թատրերգութեան հեղինակն է։ 

Մոսկուայի մէջ հրատարակուած է «Սիրոյ երգ» բանաստեղծութիւնը՝ սովետական ժողովուրդներու բանաստեղծութեան գրականութեան ժողովածուին մէջ։  

Հեղինակին ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են զանազան լեզուներու:

Մօտ 40 գիտահանրամատչելի եւ վաւերագրական շարժանկարներու սենարի հեղինակն է «Արեւի տաճար», «Հայաստան», «Արցախ», «Թիրախ», «Հայոց պատմութիւն» (12 շարժանկար), «Հայրենիքս Հայաստան» (10 շարժանկար) եւ այլն։ 

Ունի թարգմանութիւններ՝ Շոթա Ռոքուայի «Իմ գիւղը գետի այն ափին է» վրացական թատրերգութիւնը, Վիքթոր Էսթիմիուի «Մահ տեսած մարդը» ռումանական թատրերգութիւնը, որոնք բեմադրուած են Հայաստանի զանազան թատրոններու մէջ։

Աշխատած է «Սովետական գրող» հրատարակչութեան մէջ եւ բազմաթիւ գիրքերու խմբագիրն է։ 

Վահան Տէր Ղազարեանի հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ այսօր՝ 30 Սեպտեմբերին։ Յուղարկաւորութիւնը՝ 1 Հոկտեմբերին, ժամը 13-ին Հայաստանի Գրողներու միութենէն։