image

Կազայի պատերազմը կրնայ այլ հակամարտութիւններու օճախներ ստեղծել. Հաքքան Ֆիտան

   Կազայի  պատերազմը կրնայ  այլ   հակամարտութիւններու օճախներ  ստեղծել. Հաքքան Ֆիտան

Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութեան սրումը կրնայ յանգեցնել աշխարհի այլ տարածաշրջաններու մէջ ճգնաժամերու նոր օճախներ ստեղծելու։

Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքքան Ֆիտան Եգիպտոսի մէջ պաղեստինեան խնդիրին նուիրուած գագաթնաժողովին ունեցած ելոյթի ժամանակ, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

Հաքքան Ֆիտան աւելցուցած է, որ Թուրքիան կողմ է շուտափոյթ հրադադարի եւ Կազայի հատուածի բնակչութեան մշտական օգնութեան՝ առանց որեւէ նախապայմանի։

«Պաղեստինի մէջ իրավիճակը միշտ եղած է ողբերգութիւն, այժմ այն կը վերածուի ջարդի։

Կազայի ժողովուրդին նման տառապանք պատճառելու համար որեւէ պատճառ կամ արդարացում չի կրնար ըլլալ։

Եթէ թոյլատրուի զարգանալ, այս ճգնաժամը կրնայ առաջացնել հակամարտութիւններու եւ անկայունութեան նոր գրպաններ ամբողջ աշխարհին մէջ:

Թուրքիան հանդէս կու գայ շուտափոյթ հրադադարի եւ Կազայի հատուածի բնակչութեան մշտական օգնութեան օգտին՝ առանց որեւէ նախապայմանի»,- ըսած է նախարարը։