Կազայի հատուածի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ վառելիքի ամբողջական սպառման հետեւանքով «Ալ-Շիֆա» բժշկական կեդրոնը, որ Կազայի խոշորագոյն հիւանդանոցն է, դադրած է վիրահատութիւններ իրականացնել։
Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով պաղեստինեան անկլաւի առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը։
«Ատոր հետեւանքով մէկ նորածին մահացած է մանկանոցին մէջ, ուր կայ 45 նորածին»,- յայտնած է գործակալութեան աղբիւրը։